2011-06-11 13:45:36

Եկեղեցիներու Տիեզերական Խորհուրդի Պատգամը Պենետեկոստէի Տօնին Առթիւ


՜՜Պենտեկոստէի տօնը՝ ամէն մէկ եկեղեցական հասարակութեան եւ ամէն մէկ անհատի համար նոր առիթ մըն է, հաղորդութեամբ՝ ապրելու Սուրբ Հոգիի գալուստեան շնորհքները՝՝ այսպէս գրած է Եկեղեցիներու Տիեզերական Խորհուրդը, Պենտեկոստէի տօնին առթիւ յղած իր պատգամին մէջ։
Պատգամը կը յորդորէ մեզի՝ նորոգել մեր վստահութիւնը Հոգիի զօրութեան, անոր աղօթելով որպէսզի ՜՜նոր շունչ պարգեւէ եկեղեցւոյ , նորգելով զայն եւ տալով քաջութիւնը, ըլլալու՝ այս տառապեալ աշխարհի մէջ, Խաչի ու Յարութեան նահատակներ, ու արդարութեան, խաղաղութեան եւ յոյսի վկաներ։
Եկեղեցիներու Տիեզերական Խորհուրդը, ապա կը հաստատէ թէ՝ Սուրբ Հոգին մարդոց կը յայտնէ Քրիստոսը որպէս Տէր եւ Փրկիչ։ Սուրբ Հոգին նաեւ կը մասնակցի Քրիստոսի փրկագործ ծրագրին, արտայայտելով՝ աստուածային զօրութիւնը, մարդոց համար, շատ անգամ անըմբռնելի միջոցներով։
Պատգամը ի վերջոյ կը յիշեցնէ թէ՝ Հոգեգալստեան շնորհքի ուժը որ տրուեցաւ առաջին առաքեալներուն, Աւտետարանը հռչակելու շնորհքն էր համայն մարդկութեան փրկութեան համար, ու շարունակելու աշխարհի վերանորոգումի ծրագիրը որ սկսաւ Քրիստոսով։








All the contents on this site are copyrighted ©.