2011-06-10 12:38:12

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Քաջ Հովիւ Եւ Նահատակի Sօնը


Շաբաթ 11 Յունիսին տօնն է Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին, նահատակ 1915 ի հայոց եղեռնին։
Աւազանի անունով Շիւքրալլահ Մալոյեան ծնած էր 19 Ապրիլ 1869 ին Մարտինի մէջ. բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ, փոքր տարիքէն կը յաճախէ տեղւոյն թեմական դպրոցը, 1883-ին՝ օրուան վիճակաւորը Մելքոն արք. Նազարեան նկատելով փոքրիկն Մալոյեանի մէջ բարեպաշտութեան ու քահանայական կոչումի ստոյգ նշաններ զինք Լիբանան կը ղրկէ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան նորընծայարանը ուր ան կը ստանայ բազմապիսի զարգացում եւ յատկապէս որդիական ջերմեռանդութիւն Ս. Կոյս Աստուածածնի հանդէպ։ 1888-ին առողջական վիճակին պատճառով կը հարկադրուի վերադառնալ ծննդավայր եւ երեք տարի կազդուրուելէ ետք կը վերադառնայ Զմմառ ու այնտեղ յաջողութեամբ կ՝աւարտէ փիլիսոբայական եւ աստուածաբանական ուսումները։ Կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 6 Օգոստոս 1896 ին դառնալով նաեւ անդամ , Զմմառու Պատրիարքական Ուխտին եւ կ՝առնէ Իգնատիոս անունը ի սէր Անտիոքացի մեծ սուրբին որ Քրիստոսը քարոզեց իր արեան գինով։
Ունենալով ամուր դաստիարակութիւն եւ օրինակելի կեանք մը, կը նշանակուի հոգեւոր հայր՝ վանաբնակ քահանաներուն եւ նորընծաներուն։
Իգնատիոս Մալոյեան պաշտօնավարած է Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ , եւ ապա Պոլիս կանչուած որպէս ընդհանուր քարտուղար՝ Պօղոս Պետրոս ԺԲ Սապպաղեան պատրիարքին, ստանալով գերյարգելիութեան՝ Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանը։ Ապա դարձեալ Աղեքսանդրիա ղրկուելով այնտեղ կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1910 ։
Մարտին քաղաքի թեմին վիճակաւոր Յուսիկ արք. Կիւլեանի հրաժարումէն ետք , (տարիքի բերումով) մեծաւորները գերյ. Մալոյեանին կը յանձնեն պաշտօնը վարելու՝ թեմին ընդհ. գործակալի պաշտօնը։
1911 ին, Հռոմի մէջ կայացած՝ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Ազգային Սիւնհոդոսին, ինք եւս կանչուած էր, վարելու՝ Սիւնհոդոսի քարտուղարի եւ ատենապետի պաշտօնը եւ այդ նիստերէն մէկուն ընթացքին է որ Մալոյեան ընտրուեցաւ Մարտինի Թեմի արքեպիսկոպոս 22 հոկտ. 1911 ին, եւ եպիսկոպոս օծուեցաւ ձեռամբ՜ Ամեն. Պօղոս Պետրոս ԺԳ Թերզեան Պատրիարքին։
Նշենք թէ Հռոմէն Մարտին վերադարձի ճամբուն, Մալոյեան Եպիսկոպոսը Զմմառու վանքը հանդիպեցաւ, ուր մեծ պատիւներով ընդունուեցաւ իր միաբանակից եղբայրներուն կողմէ, եւ երբ իրմէ խնդրեցին որ Վանքին Ոսկեմատեանին մէջ երկտող մը յուշագրէ ան այսպէս գրած էր .՜՜Դժբախտաբար յիշատակութեան արժանի ոչ մէկ գործ կատարած եմ ...՝՝ յիշելով իր կատարած ծառայութիւնները իր ժողովուրդին։
7 Հոկտեմբեր 2001-ին երջ. ՅՊԲ քահանայապետը Ս. Պետրոս հրապարակը խմբուած հաւատացեալներուն ու եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ներկայութեամբ կատարեց երանացման արարողութիւնը Մարտինի նահատակ եպիսկոպոսԻնգնատիոս Մալոյեանին։













All the contents on this site are copyrighted ©.