2011-06-10 13:44:22

Ապու Տապիի Խորհրդաժողովը՝Լիպիոյ Մասին։ Մինչ Այդ Ռուսիոյ Պատգամաւորը Այսօր Թրիբոլի Պիտի Երթայ։


Լիպիոյ շուրջ կապի միջազգային յանձնախումբը երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած իր խորհրդաժողովին աւարտին յայտնեց, որ զօրավիգ կը կանգնի լիպիացի ժողովուրդին, որուն ներկայացուցիչը Ազգային փոխանցման խորհուրդն է:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ խորհրդաժողովի աւարտին յայտնեց, որ «մենք Լիպիոյ մնացեալ բարեկամներուն հետ միասնաբար կ՛աշխատինք լիպիացի ժողովուրդին համար աւելի լաւ ապագայի մը սիրոյն, եւ կը յուսանք, որ լիպիացի ժողովուրդը կրնայ համախմբուիլ ու կարելի եղածին չափ շուտ միասնաբար գործել պատրաստելու համար Կատտաֆիին յաջորդող հանգրուանը»:
Իտալիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ֆրանքօ Ֆրաթինի յայտարարեց, որ Լիպիոյ մէջ Կատտաֆիին յաջորդող հանգրուանը իսկապէս սկսած է, եւ թէ Իտալիան 3-էն 4 միլիոն Էուրօ կը տրամադրէ ըմբոստներուն:
Ժողովին մասնակցեցան 40 պետութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին` կապի յանձնախումբի անդամ 20 պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները:
Նշենք, որ խորհրդաժողովին ընթացքին որոշուեցաւ Լիպիոյ շուրջ միջազգային կապի յանձնախումբի յաջորդ ժողովը գումարել Թուրքիոյ մէջ:
Միւս կողմէ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը Միխայիլ Մարկուէլով այսօր կերթայ Թրիբոլի տեսակցելու Լիպիական կառավարութեան անդամներուն հետ,տեսակցելէ յետոյ երէկ Պենկազիի մէջ փոխ- Անցումի Ազգային Խորհուրդի բազմաթիւ պատասխանատուներուն հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.