2011-06-09 12:25:33

Քոլորատօ Նահանգի Ծերակոյտը Ապրիլ 24-ը Յայտարարեց «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ»


Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգին Ընդհանուր ժողովը 2011-ի նստաշրջանին ընթացքին ընդունեց ծերակոյտի թիւ 11-035 միացեալ բանաձեւը` 24 ապրիլը այսուհետեւ «Քոլորատոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր» յայտարարելու վերաբերեալ:
Նշելով, որ այս տարի կ՛աւարտի 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցը, փաստաթուղթին մէջ կոչ կ՛ուղղուի Թուրքիոյ յարգելու միջազգային համաձայնագիրներով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները, փոխ-հատուցում կատարելու քրիստոնէական աւերուած եկեղեցիներու, վանքերու, դպրոցներու, յուշարձաններու, սրբավայրերու եւ կրօնական այլ ինչքերու համար, թոյլ տալու քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ այդ ստացուածքներու օրինական տէրերուն պահպանելու, վերակառուցելու եւ վերանորոգելու այդ կալուածը , ինչպէս նաեւ թոյլ տալու ազատօրէն եւ առանց խոչընդոտներու կամ սահմանափակումներու կազմակերպելու աղօթքներ, պաշտամունքի, կրթական, կրօնական համայնքներու հաւաքներ:
Փաստաթուղթերու պատճէնները ուղարկուած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, Քոլորատոյի քոնկրեսական պատուիրակութեան անդամներուն, Քոլորատոյի նահանգապետին, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դեսպանատուներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.