2011-06-09 12:22:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ճառը Մոլտավիոյ, Կուինէայի, Պէլիզի, Սուրիոյ , Կանայի եւ Նիւ Զէլանտայի Նոր Անուանուած Դեսպաններուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, ընդունելով Մոլտավիոյ, Կուինէայի, Պէլիզի, Սուրիոյ,` Կանայի եւ Նիւ Զէլանտի նոր անուանուած դեսպաններու հաւատարմագրերը, ճառ մը արտասանեց անոնց, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւրին՝ անոնց իրեն ուղղած սիրալիր խօսքերուն համար, ապա անդրադրաձաւ 2011-ի՝ առաջին վեցամսեայի ընթացքին աշխարհի զանազան վայրերու մէջ պատահած աղէտներուն, որոնք, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ., մեզ կը դնեն հարցման առջեւ։Մարդը կեդրոնն է ամէն բանի։ Մարդը որուն Աստուած յանձնեց բնութիւնը, չի կրնար հպատակիլ գիտարուեստի, եւ դառնալ անոր ենթակայ։ Այս ուղղութեամբ՝ պետութիւնները պէտք է պատասխանատուութեամբ խորհրդածեն մոլորակի ապագայի մասին։Կառավարութիւնները պէտք է որ պաշտպանեն բնութիւնը եւ օժանդակեն մարդու կեանքի բարելաւման։ Այս ուղղութեամբ հարկ է ուրեմն գիտարուեստը ենթարկել բարոյական ծաւալի եւ այսպէսով մարդ արարածը որ Աստուծոյ ստեղծագործութեան կեդրոնն է, կը համագործակցի Արարիչի ծրագրին։ Ապա Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ մշակութային եւ կրօնական համակեցութեան, մատնանշելով քաղաքական վարիչներու պատասխանատութիւնն ու առաքելութիւնը առաջնորդելու ազգերը դէպի ներդաշնակ մարդկային համակեցութիւն եւ ցանկացուած իմաստութեան ուղիով հասնիլ կրօնական ազատութեան գաղափառին որ խաղաղութեան իսկական պատկերը կը ներկայացնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.