2011-06-09 12:21:40

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 9 յունիս 2011 ի առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գլէմէնթինա սրահին մէջ հաւատարմագրերու ներկայացման առթիւ ունկնդրութիւն շնորհեց Մոլտավիոյ, Կուինէայի, Պէլիզի, Սուրիոյ, Կանայի եւ Նիւ Զէլանտայի Nuova Zelanda Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անուանուած դեսպաններուն։
Ժամը 11.30-ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Րէ-ն՝ Եպիսկոպոսներու Ժողովի երբեմնի կառավարիչը, ապա յաջորդաբար ընդունեց Հնդկաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասէն կարգ մը եպիսկոպոսներ եկած՝ իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի Յաջորդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.