2011-06-09 12:24:36

Մատրիտի Մէջ Կայանալիք Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ Ներկայացում Փարիզի մէջ


Հինգշաբթի 9 յունիս 2011-ի առաւօտուն ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ՝ ունեզաւ մամլոյ ասուլիս մը, ներկայացնելու 2011-ի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոս 16 էն 21ը Մատրիտի մէջ, եւ ուր կը սպասուի մասնակցութիւնը մէկ ու կէս միլիոն ուխատաւորներու, որոնց 50 հազարը ֆրանսացի են։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցան Տիկին Էմմանուէլ Պուասսօ` ֆրասայի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ համակարգիչը, Փօլ Սանթուս հաղորդակցութեան յանձմախումբի պատասխանատուն եւ երկու երիտասարդներ։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացին ներկայացուեցաւ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ օրակարգը, ֆրանսական մասնաճիւղի կազմակերպչական ու մամլոյ եւ հաղորդակցութեան հետ կապուած զանազան ձեռնարկները








All the contents on this site are copyrighted ©.