2011-06-09 11:32:39

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամին Մրցանակաբաշխութեան Հանդիսութիւնը։


Երկու տարիէ ի վեր տեղի կ՝ունենան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամին անունով մրցումներ, որը մեծ խթան կը հանդիսանայ նոր սերունդի մօտ ՜՜Հայ լեզուի, գրականութեան ու հայոց պատմութեան, երգի ու ասմունքի մէջ՝՝ յառաջդիմութեան։
Հայ նոր սերունդի, հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտութեան մէջ հայեցի դաստիարակութեան զարկ տուող այս ծրագիրը մշակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ ընկալուած գաղութի նորահաս սերունդին կողմէ:
Հինգշաբթի 2 յունիսին, հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի «Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սոյն հիմնադրամի այս տարուան մրցումին եզրափակումը` այն է մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը:
Յանուն «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի մրցումի կազմակերպիչ յանձնախումբերուն բացման խօսքը արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ անդրադարձաւ երկու տարիներու փորձառութեան, արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ նկատելի թերութիւններուն: Հայ լեզուի ու գրականութեան մրցանքի զեկուցումը ներկայացուց տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, որ շնորհաւորեց մրցանակակիրները ու անոնց պատկանած դպրոցներն ու ծնողները։
Խօսք առին նաեւ՝ Հայոց պատմութեան յանձնախումբի անդամ, Համբիկ Մարտիրոսեան ու նաեւ ասմունքի մրցանքի յանձնախումբի անդամ, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան։
Գեղարուեստական բաժինով, մրցանքին մասնակցած ու բարձրագոյն արդիւնքներ ապահոված աշակերտները հերթաբար ելոյթ ունեցան ասմունքներով։
Հուսկ բանքը արտասանեց Արամ Ա. վեհափառը, որ գնահատեց բոլոր մասնակիցները, անոնց ուսուցիչները եւ ծնողները, որոնք մղիչ ուժը հանդիսացած էին այս արդիւնքին: Արամ Ա. կարեւորութեամբ ընդգծեց հայոց լեզուին կարեւորութիւնը եւ սրտցաւօրէն յայտնեց անոր նահանջի ախտանշաններուն երեւիլը մեր կեանքին մէջ: Վեհափառը անընդունելի գտաւ այն պատճառաբանութիւնները, որոնք կու գան դպրոցներէն ու ծնողներէն` հայագիտական նիւթերուն նուազեցումը պահանջելով, որպէսզի աշակերտներ կարենան յաջողիլ պետական քննութիւններուն: Նաեւ խստօրէն դատապարտեց այն ծնողները, որոնք օտար վարժարաններ կը ղրկեն իրենց զաւակները զանազան պատճառաբանութիւններով: «Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուն մեր մեծագոյն զէնքն է: Պատի՛ւ այն երախտաւորներուն, որոնք հայ դպրոցը կը պահեն հայ` իր ոգիով ու մակարդակով», եզրակացուց Արամ Ա. կաթողիկոս:








All the contents on this site are copyrighted ©.