2011-06-08 12:26:52

Փաքիստանի Քրիստոնեաները Հալածանքի Ենթարկուած Են, Եւ Փոքրամասնութիւնները Ճնշումի Տակ։


Փաքիստանի կրօնական փոքրամանութիւններու դէմ ուժգնութիւնը հետզհետէ աճած է եւ քրիտոնեաները այս հալածանքի առաջին զոհերը կը հանդիսանան։ Այս հարցով կառավարութիւնը պէտք է անմիջական որոշումներ առնէ ապահովելու նպատակով ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնսգիտութեան վիճակը>> կը հաստատէ <<Հաւատքի հարց>> խորագրով Փաքիստանի Ճինահ Հիմնարկի կողմէ անցեալ օրերուն հրատարակուած տեղեկագիր մը։
Ճինահ Հիմնարկի նախագահն է երեսփոխան Տիկին Շէրի Րէհման՝ անդամ <> կուսակցութեան, որ 23 կէտերով առաջարկ ներկայացուցած է կառավարութեան , որով կը խնդրէ օրէնսդրական բարեփոխումներ ներմուծել կրօնական ազատութեան եւ փոքրամասնութիւններու ապահովութեան ի նպաստ։ Փաքիստանի Քահանայապետական բարեգործական առաքելական մարմնի պատասխանատու՝ Հայր Մարիօ Րօտրիկէզ, գոհունակութիւն յայտնած է ներկայացուած թղթածրարին եւ տեղեկագրութեան համար, եւ շնորհակալութիւն ու զօրակցութիւն յայտնած է Տիկ. Շէրի Րէհմանին, գիտակից ըլլալով որ Րէհման այս իր ձեռնարկով վտանգի մատնած է իր կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.