2011-06-08 12:42:46

Հայաստանի, Ատրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Հանդիպին Յունիս 11ին՝ Մոսկուա ։


Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի, Էլմար Մամետեարովի եւ Սերկէյ Լաւրովի եռակողմ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 11 Յունիսին՝ Մոսկուայի մէջ: Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հետ առնչուող հարցեր: Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման պիտի յաջորդէ երեք երկիրներու նախագահներուն հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ 25 Յունիսին՝ Թաթարստանի մայրաքաղաք Քազանի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.