2011-06-08 12:02:12

Կրօնքը այսօր՝ Կինոյի Փառատօնի 14րդ տարուայ յայտագիրի ներկայացում


Ռատիօվատիկանի Մարքոնիի նուիրուած սրահին մէջ, չորեքշաբթի 8 յունիս 2011-ին տեղի կ՛ունեանյ Religion Today Filmfestival - Կրօնքը այսօր՝ Կինոյի Փառատօնի 14րդ տարուայ յայտագիրի ներկայացումը <<Աղքատութիւնը. Հարց թէ առի՞թ>> խորագրով։ Ներկայացումը կը կատարեն Շարժանկարի Կինոյի Նախագահ Տավիտէ Զորտանի տնօրէնուհին՝ Գաթիա Մալաթէսթա եւ Իտալիոյ արտգործ նախարարութեան քաղաքապատմական բաժնի պատասխանատուն՝ Բասգուալէ ֆէրրարան։
Ելոյթ կ՛ունենան նաեւ ֆրանքօ Լէվէր՝ դասատու Սալեզեան Քահանայապետական համալսարանի, Նիգոլա Պոգէ ֆրանսական Saint Louis մշակութային կեդրոնի տնօրէն, Գլաուտիօ Մարիօ Պէրթի՝ Սան Էճիտիօ կազմակերպութեան անդամ, Լուիճի Տէ Սալվիա՝ քարտուղարը Religions for Peace-ի իտալական մասնաճիւղին, եւ Իտալիոյ Թրէնթօ նահանգի մշակութային վարիչը՝ ֆրանքօ Բանիցցան։
՜՜Religion Today Filmfestival՝՝ Կրօնքը այսօր Կինոյի Փարատօնը, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբերին Իտալիոյ զանազան քաղաքներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.