2011-06-08 12:42:15

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։ ԳՐԻԳՈՐ ՏՂԱՅ (Գրիգոր Դ.Կաթողիկոս Հայոց)։


Գրիգոր Դ. Կաթողիկոս Հայոց, ճանչցուած ՜՜Տղայ՜՜ անունով, Պահլաւունի ընտանիքէն, հանդիսացաւ մեր մեծ հայրապետներէն մին։ Ան ծնաւ 1133 թուին եւ որդին էր Ներսէս Շնորհալիի Վասիլ եղբօրը. մանուկ հասակէն դաստիարակուեցաւ իր սուրբ հօրեղբօր ձեռքին տակ. Ան հմտացաւ աստուածաբանութեան եւ այլ գիտութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ Կոստանդին անունով յոյն քահանայէ մը սորվեցաւ հելլենական լեզուն եւ դպրութիւնը։ ծանօթ էր նաեւ եբրայեցերէն լեզուին, որմէ թարգմանութիւններ ալ կատարած է։

1173-ին, երբ Հռոմկլայի մէջ մեռաւ Ներսէս Շնորհալի հայրապետը, Գրիգոր նախագահեց անոր յուղարկաւորութեան. Ներկայ եպիսկոպոսները միաձայնութեամբ զինք ընտրեցին որպէս յաջորդ Շնորհալիին` հայրապետական Աթոռին վրայ։ Այս ընտրութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառեց Մանուէլ Գոմնենոս, կամ Կիռ Մանուէլ Բիւզանդիոնի կայսեր, որ միութենական բանակցութիւններ սկսած ըլլալով Ներսէս Շնորհալիի հետ, ապահով էր թէ Գրիգոր պիտի շարունակէր եւ իր աւարտին հասցնէր այս համամիութենական բանակցութիւնները, որոնք երկու Եկեղեցիներուն միջեւ պիտի բերէին խաղաղութիւն եւ սէր։

Արդարեւ Գրիգոր Տղայ կը շարունակէ միութենական բանակցութիւնները Կիռ Մանուէլ կայսեր եւ Միքայէլ Բիւզանդիոնի պատրիարքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Առ այդ` ժողով մըն ալ կը գումարէ Հռոմկլայի մէջ(RUMKALE) 1179-ին, որուն կը հրաւիրէ ներկայ գտնուելու , բացի հայ եպիսկոպոսներէն ու վանքերու Աբբահայրերէն, նաեւ վրացի եւ աղուան եպիսկոպոսներն ու վանահայրերը։ Ժողովի ատենագրութիւնը կ՛ընէ Ներսէս Լամբրոնացին, մեծ հեղինակաւորութեամբ. Ժողովի աւարտին` բոլոր եպիսկոպոսները իրենց հաւատքի միացեալ դաւանութիւնը կը գրեն, զայն կը ստորագրեն եւ կ՛ուղարկեն կայսեր։ Աւա՜ղ սակայն կայսրը մինչ այդ մահացած էր եւ քաղաքական յեղափոխութիւնը կը տիրէր Բիւզանդիոնի մէջ, որով բոլոր ծրագիրը միութեան կը խափանուի։

Գրիգոր Տղայ յարաբերութեան մէջ մտաւ նամակագրութեամբ Լուսիոս Գ. Հռոմի Պապին հետ եւս, որ զինք պատուեց եւ կոնդակով մը իրեն ղրկեց լատինական եպիսկոպոսական խոյր, Եմիփերոն եւ Պալիում։ Այդ շրջանէն սկսեալ` Հայ եպիսկոպոսներն ու Պատրիարքը կը կրեն խոյրը, փոխան սաղաւարտի։

Ինք եղաւ որ նաեւ խնդրեց թագաւորական թագ Լեւոն Հայոց իշխանին եւ անոր ընկերացաւ մինչեւ Գերմանիոյ Ֆրետերիք Բ. Կայսեր մօտ, որպէսզի ան տար Կիլիկիոյ թագը Ռուբինեան իշխաններուն. Գրիգոր մահացաւ 1193-ին առանց տեսնելու թագադրութիւնը Լեւոն Ա.ի։

Բացի իր նամակներէն ուղղուած` Մանուէլ կայսեր, Միքայէլ Պատրիարքին, Հաղբատի վանքի միաբաններուն եւ գլխաւորաբար Գրիգոր Տուտէորդիին, որ միութեան ծրագրին հակառակ էր, Գրիգոր Տղայ եղած է նշանաւոր բանաստեղծ մը եւ ողբերգակ, իր գրած Ողբք Երուսաղէմի քերթուածին համար։ Իր գրութիւնը կը նմանի Շնորհալիի Ողբ Եդեսիային եւ նաեւ Նարեկացիի Մատեան Ողբերգութեան գրքին։

Գրիգոր Տղայի բանաստեղծութիւնը կամուրջ մը կը ստեղծէ ընդմէջ հին եւ նոր բանաստեղծութեան։ Ան մշակութային մեծ դեր ունեցաւ որով ինքն է որ քաջալերեց Մխիթար Հերացին, Մխիթար Գոշը, Ներսէս Լամբրոնացին եւ ուրիշներ գրելու եւ ստեղծագործելու։ Իր Երուսաղէմի Ողբին առաջին տպագրութիւնը լոյս տեսաւ Վենետիկի մէջ 1838-ին, իսկ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը` Փարիզ 1867-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.