2011-06-07 12:36:25

Կոլանի Մէջ Ցուցարարներու Եւ իսրայէլեան Ուժերու Միջեւ բախումները 14 Զոհեր կը Պատճառեն,Կան Նաեւ աւելի քան տասնեակ վիրաւորներ։


14 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն մէջ իսրայէլեան ուժեր կրակ բացին ցուցարարներու վրայ, որոնք կը փորձէին փշաթելերը անցնելով սահմանին սուրիական կողմէն բռնագրաւեալ տարածք մուտք գործել:
Ծագումով Կոլանի բարձունքներէն եղող սուրիացիներ եւ պաղեստինցիներ 1967-ին Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Մաժտալ Շամս գիւղին դիմաց գտնուող Այն Թինէ գիւղը հաւաքուեցան եւ Կոլանի տարբեր վայրերու մէջ հակա-իսրայէլեան կարգախօսեր բացագանչեցին, իսրայէլեան սահմանապահ ուժերուն վրայ քարեր արձակեցին եւ փշաթելերէ ցանկապատին վրայ մագլցեցան: Ցուցարարներու շարքին էին Լաթաքիայէն եւ Ժապլայէն եկած ցուցարարներ:
Երբ ցուցարարները ցանկապատին մօտեցան, իսրայէլեան ուժերը կրակ բացին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ զոհեր ու վիրաւորներ արձանագրուին: Ցուցարարներէն մէկը յայտարարեց, որ իրենց նպատակը «բռնագրաւուած հողամասին վրայ սուրիական դրօշը զետեղելն է»:
Մինչ այդ, իսրայէլեան զինուորական մեքենայ մը ականի մը բախելով խորտակուեցաւ: «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ականի պայթումին պատճառով իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուեցան, իսկ ըստ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին, երկու զինուորներ սպաննուեցան:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իսրայէլ արձանագրուած բռնարարքին ամբողջական պատասխանատուն սուրիական վարչակարգը կը նկատէ: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ սուրիական վարչակարգը կը փորձէ ուշադրութիւնը շեղել սուրիացի ժողովուրդին դէմ գործած իր ջարդերէն եւ ոճիրներէն` աւելցնելով. «Իսրայէլ, աշխարհի մէջ որեւէ այլ պետութեան մը նման, իր սահմանները եւ գերիշխանութիւնը կը պաշտպանէ ընդդէմ իր հողամասերը ներխուժելու որեւէ փորձի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.