2011-06-07 12:21:43

Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւն Աթէնքի Մէջ:


Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ պատարագի ընթացքին, Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւն առին երեք փոքրիկներ՝ Էմմանուէլ ՇէՖիքեան, Պետրոս Խազում եւ Ռէնա Ասլան։ Նախքան ս. պատարագին սկսիլը փոքրիկները իրենց առաջին անհատական խոստովանանքը ըրին ժողովրդապետին մօտ։ Եկեղեցին լեցուն էր փոքրիկներուն ծնողներով, հարազատներով եւ բարեկամներով, որոնք եկած էին վկայելու այս գեղեցիկ եւ սուրբ արարողութեան։ Խորհուրդ Խորին շարականի երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ սուրբ պատարագի զոհը եւ փոքրիկները մտան եկեղեցի պատարագիչ քահանային առաջնորդութեամբ, ամէն փոքրիկ իրեն տրուած պաշտօնը կատարելէ ու աղօթքը արտասանելէ ետք, իր տեղը գրաւեց եկեղեցւոյ դասուն մէջ։
Պատարագի ընթացքին փոքրիկները կատարեցին խորանի սպասարկութիւնը եւ մասնակցեցան կարգ մը աղօթքներով, հայերէն եւ յունարէն լեզուներով։
Աւետարանի երգեցողութենէն ետք, պատարագիչ քահանան՝ Ռափայէլ քհնյ. ՇէՖիքեանը իր քարոզին մէջ ըսաւ . - Այս փոքրիկները որոնք տարիէ մը աւելի պատրաստուեցան իրենց Առաջին Ս. Հաղորդութեան, օր. Աննա ԽայիՖեանի հոգատարութեամբ, այսօր պիտի ստանան իրենց առաջին Ս. Հաղորդութիւնը որ պէտք չէ ան ըլլայ նաեւ իրենց վերջինը։ ... Առաջին Ս. Հաղորդութիւն ստանալը կը նշանակէ թէ անոնք այս օրուընէ սկսեալ ամէն օր իրաւունք ունին ու կրնան ճաշակել Տիրոջ Մարմինն ու Արիւնը ... Քրիստոնէականի դասընթացքները ընելով ի պատրաստութիւն Առաջին Ս. Հաղորդութեան եւ զայն ստանալը նման չէ դպրոցական կամ այլ ուսմունքի վկայական մը ստանալուն, որ միայն մէկ անգամ կը պատահի, այլ՝ առաջին Ս. Հաղորդութիւնը սկիզբն է ապրելու ու մասնակցելու իրենց քրիստոնեայ հաւատքը եւ այս Սուրբ Խորհուրդին միջոցաւ իրենց Աստուծոյ ծարաւի հոգիները յագեցնելու համար ... ծնողներուն սուրբ եւ պատասխանատու պարտականութիւնն է որ իրենց զաւակները ամէն Կիրակի առաջնորդեն եկեղեցի մասնակցելու սուրբ պատարագի ...
Ս. պատարագի ընթացքին փոքրիկները իրենց ուխտը կատարելէ ետք, մէկ առ մէկ ծունկի եկան խորանին առջեւ, ըսին իրենց աղօթքները ու ճաշակեցին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Մարմինը ու Արիւնը։
Ս. Արարողութենէն վերջ, փոքրիկները եւ բոլոր ս. պատարագի մասնակցողները, հաւաքուեցանք եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ հիւրասիրութեան համար։
Ժողովրդապետը ամէն մէկ փոքրիկի տուաւ Յիսուսի կեանքին մասին պատկերազարդ գիրք մը, վարդարան մը եւ իրենց Առաջին Ս. Հաղորդութիւնը խորհրդանշող յիաշատակի նուէր մը։ Ապա իր եւ փոքրիկներուն անունով օր. Աննա ԽայիՖեանին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ գնահատանքի նուէր մը տուաւ իր կատարած քրիստոնէական դասնըթացքներուն եւ Առաջին Ս. Հաղորդութեան պատրաստութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.