2011-06-06 12:59:54

Վերջ Գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Խրուաթիա։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խրուաթիա այցելութիւնը ունեցաւ երկու կարեւոր հանգրուաններ, շաբաթ օրը՝ հանդիպում դիւանագիտական մարմնին, կրօններու պատասխանատուներու եւ քաղաքային ընկերութեան ներկայացուցիչներու հետ մայրաքաղաքի ազգային թատերասրահին մէջ։
Երկրորդ հանգրուանը՝ կիրակի առաւօտ բացօթեայ Ս.պատարագ մայրաքաղաքի ձիրաշաւարանին մէջ։Պատարագին դիտաւորութիւնը եղաւ ՜՜ Խրուաթիոյ կաթողիկէ ընտանիքին ազգային օրը՝՝։
Առաքելական այս կարճ ճամբորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը արտասանեց վեց ճառեր եւ քարոզներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.