2011-06-06 13:12:20

Դեսպան Մարի Եովանովիչ Կ՛ողջունէ Հայաստանի Ներքաղաքական Վերջին Զարգացումները։


Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ «շատ դրական» ըլլալով գնահատած է 1 մարտի իրադարձութիւններուն առնչութեամբ ազատազրկուած ընդդիմադիրները ազատ արձակելու փաստը:
Հայաստանի մէջ իր առաքելութիւնը աւարտող` Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարի Եովանովիչ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ողջունեց Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող վերջին միտումները:
Եովանովիչ նշեց, որ կարեւոր է ընդդիմութեան եւ իշխանութիւններուն միջեւ երկխօսութեան թափանցիկ ու կառուցողական ըլլալը եւ այս ամէնը շատ ոգեւորիչ է: Ասիկա մեծ կարելիութիւններ կը բանայ հայաստանցիներուն համար` յատկապէս նկատի առնելով, որ նախընտրական շրջանը կը մօտենայ:
Դեսպանը ողջունեց նաեւ 2008-ի մարտեան իրադարձութիւններու հետաքննութեան վերսկսումը: Դեսպանը յայտնեց, որ 1 մարտի հարցերով բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ այդ գործով հետաքննութեան վերսկսումը շատ կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ ատիկա մարդոց կարելիութիւն պիտի տայ անընդհատ դէպի ետեւ` մարտեան ժամանակահատուածին նայելու փոխարէն առջեւ նայելու, պատրաստուելով խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն:
Նշենք որ ,Դեսպան Եովանովիչ յունիսին կ՛աւարտէ իր եռամեայ դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ եւ պիտի վերադառնայ Ուաշինկթըն` ստանձնելու արտաքին գործոց նախարարի հիւսիսային եւ կեդրոնական Եւրոպայի հարցերով փոխ-տեղակալի պաշտօնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.