2011-06-05 12:36:02

Սրբազան Քահանայապետին Քարոզը Մայրաքաղաք՝ Զակրէպի Ձիրաշաւարանին Մէջ Մատուցած Պատարագին Ընթացքին Խրուաթիոյ Կաթողիկէ Ընտանիքին Ազգային Օրուան Առթիւ։


Օրուան Ս. Գրային ընթերցումները մեկնաբանելով Սրբազան Հայրը ըսաւ. մինչ անցեալ հինգշաբթի օրը տօնախմբեցինք Տիրոջ երկինք Համբարձումը ու այժմ կը պատրաստուինք ընդունիլ Ս. Հոգւոյ մեծ պարգեւը` Պենտեկոստէին, տեսանք թէ եկեղեցւոյ առաքեալները վերնատան մէջ հաւաքուած էին, ու միասիրտ կը յարատեւէին, Յիսուսի Մօր` Մարիամի հետ աղօթքին մէջ ։
Այս է պատկերը Եկեղեցւոյ, որուն արմատները հիմնուած են զատկական դէպքով։ Վերնատունը, արդարեւ, այն վայրն է ուր Յիսուս հաստատեց ամենասուրբ հաղորդութիւնը, քահանայական կարգը վերջին Ընթրիքին ընթացքին եւ ուր Յիսուսի Յարութենէն ետք Ս. Հոգին իջաւ առաքեալներու վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, մեծ ուրախութեամբ ընդունեցայ Խրուաթիոյ եպիսկոպոսներուն հրաւէրը մասնակցելու ''Խրուաթիոյ կաթողիկէ ընտանիքներու ազգային առաջին օրուան հանդիպումին։ Հոս կ'ուզեմ իմ գնահատանքն ու գոհունակութիւնը յայտնել այս նախաձեռնութեան համար։ Բոլորին ծանօթ է թէ քրիստոնեայ ընտանիքը նշան է Քրիստոսի ներկայութեան ու սիրոյն։ Անիկա կանչուած է իր սատարը բերելու աւետարանութեան։ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ, որ երեք անգամ այցելած էր ձեր երկիրը, կը հաստատէր որ քրիստոնեայ ընտանիքը կանչուած է մաս կազմելու Եկեղեցւոյ առաքելութեան որպէս կեանքի ու սիրոյ սերտ հասարակութիւն մը։ Քրիստոնեայ հասարակութիւնը միշտ եղած է առաջին հանգրուանը հաւատքի հաղորդումին։
Սիրեցեալ ընտանիքներ, յանձնառումով աշխատեցէք սորվեցնելու ձեր զաւակներուն աղօթել, եւ դուք անոնց հետ միասին աղօթեցէք։ Մօտեցէք խորհուրդներուն եւ մասնաւորապէս Ամենասուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին։ Ընտանեկան յարկէն ներս կարդացէք ս. Գիրքը եւ փառաբանեցէք Տէրը որպէս Հայր ։ Եղէք փոքր վերանտուն մը, նման Ս. Կոյս Մարիամի ու աշակերտներու գտնուած վայրին, ուր անոնք կ'ապրէին միութեան, հաղորդութեան ու աղօթքի մէջ։
Այսօր, փառք տանք Աստուծոյ, որ բազմաթիւ քրիստոնեայ ընտանիքներ գիտակից են իրենց առաքելութեան կոչումին, ու յանձնառումով իրենց հաւատքի վկայութիւնը կու տան Յիսուսի անձին մէջ։ Եկեղեցւոյ մէջ արդէն իսկ հասուն է գիտակցութիւնը՝ ընտանիքի դերին։
Այսօրուան ընկերութեան մէջ հարկաւորութիւնը կը զգացուի քրիստոնեայ ընտանիքին ներկայութեան։ Ցաւով ականատես ենք բազմաթիւ ընտանիքներու քայքայումին, մասնաւորապէս Եւրոպայի մէջ, որ հետեւանքն աշխարհականացումին եւ հետեւաբար հեռացումը Աստուծմէ, ու անոր օրէնքներէն։ Քրիստոնեայ ընտանիքը կանչուած է հակազդելու այս մատայնութեան։ Եկեղեցւոյ խօսքին հետ միասին, հարկաւոր է քրիստոնեայ ընտանիքին վկայութիւնն ու յանձնառումը, մասնաւորապէս հաստատելու՝ կեանքի նուիրականութիւնը սաղմէն մինչեւ բնական մահը։
Սիրեցեալ ընտանիքներ, քաջ եղէք, տեղի մի տաք աշխարհականացած մտայնութեան, որ կը մերժէ ընտանեկան սրբութիւնը, ձեր կեանքի վկայութեամբ ցոյց տուէք մարդոց թէ կարելի է սիրել, Յիսուսի նման, առանց վերապահութեան։ Ցնծացէք ձեր մայրութեամբ ու հայրութեամբ։ Կեանքի բացուիլ կը նշանակէ ապագան վստահութեամբ դիմագրաւել։ Մեր Աղօթքը բարձրացնենք Տիրոջ, որպէսզի ընտանիքները ըլլան միշտ աւելի առտնի եկեղեցիներ ու եկեղեցական հասարակութիւնները միշտ աւելի ընտանեկան դառնան։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով խրուաթ ընտանիքները ըլլալու՝ ճշմարիտ վկաները Յարուցեալ Քրիստոսին որ նախքան իր համբառնալը ըսաւ իր աշակերտներուն. ''Գացէք աշակերտեցէք բոլոր ազգերը՝՝։
Թող Ս. Կոյս Մարիամը` Խրուաթիոյ Թագուհի, ընկերակիցը ըլլայ ձեր կեանքին։ Ամէն։ Օրհնեալ ըլլայ անունը Յիսուսի եւ Մարիամին։

Պատարագի աւարտին Նորին Սրբութիւնը Ողջ լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը արտասանեց եւ ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները։
Սիրելիներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, նախքան եզրափակելը Խրուաթիոյ կաթողիկէ ընտանիքին ազգային օրուայ արարողութիւնը, կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր ջերմ մասնակցութեան համար, որով ուզեցիք դրսեւորել ձեր սէրն ու յանձնառումը հանդէպ ընտանիքին ։ Այսօր ձեր մէջ կը գտնուիմ հաստատելու ձեզ հաւատքին մէջ։ Այս է պարգեւը որ ձեզի կը բերեմ, Պետրոսի հաւատքը, Եկեղեցւոյ հաւատքը եւ դուք միաժամանակ ինծի կը փոխանցէք ձեր հաւատքը ճոխացած կեանքի փորձառութեան ուրախութիուններով ու տառապանքով։
Մասնաւորապէս դուք ինծի կու տաք ընտանիքի մէջ ձեր ապրած հաւատքը, որպէսզի ես զայն պահպանեմ համայն Եկեղեցւոյ ժառանգութեան մէջ։
Իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած առաքեալական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.