2011-06-05 10:47:26

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Խրութիա Ճամբորդութեան Երկրորդ Օրուայ Յայտագիրը


Խրուաթիա- Կիրակի 5 յունիս 2011, առաւօտեան ժամը 10- ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Զակրէպի Ձիարշաւարանի մէջ` Խրուաթիոյ ՝՝Ընտանիքներու Ազգային՝՝ հաւաքին առթիւ,նախագահեց Սուրբ Պատարագին որուն ընթացքին արտասանեց աւուր պատշաճի խօսքը, իսկ պատարագի աւարտին արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը։
Ժամը 14-ին Խրուաթիոյ եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի կեդրոնին մէջ Նորին Սրբութիւնը Խրուաթիոյ եպիսկոպոսներուն հետ միասին մասնակցեցաւ եղբայրական ակաբին, իսկ յետ միջօրէին ուղղուեցաւ Զակապրիայի Ս. Կոյս Մարիամի Վերափոխման, եւ Ս. Ստեփանոս՝ Հունգարիոյ թագաւորի տաճարը ուր եպիսկոպոսներու եւ կղերի հետ միասին մասնկակցեցաւ ժամերգութեան արարողութեան ու ապա Երանելի Կարտինալ Ստեփինաչի դամբարանին առջեւ յատուկ աղօթք մը արտասանեց։
Ժամը 18.15ին Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Զակրէպի Արքեպիսկոպոսի բնակավայրը, ապա հրաժեշտ առնելով կ՛ուղղուի դէպի օդակայան, յորում տեղի կ՝ունենայ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը որմէ ետք կը վերադառնայ Հռոմ, Չամբինօ Օդակայանը ժամը 21.15-ին։









All the contents on this site are copyrighted ©.