2011-06-05 10:48:26

Հայ Ազգի Բարեկամ Նշանաւոր Դէմքեր
ֆՐԻՏՅՕֆ ՆԱՆՍԷՆ


Մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն անձնաւորութիւններու ցանկին մէջ, կայ Նորվեկիացիի մը՝ Ֆրիտյօֆ Նանսէնին (Fridtjof Nansen) անունը։ Մեծամասնութիւնը զինք չի ճանչնար, թէեւ զանազան ասպարէզներու մէջ ան առաջնութիւն արձանագրած է։ Սակայն, հայ ժողովուրդին համար եւ մանաւանդ Յունաստան գաղթած հայերուն նկատմամբ, ան յատուկ նշանակութիւն ունի։


Կը ծնի 150 տարի առաջ Նորվեկիոյ Քրիստիանիա շրջանին մէջ։ Իր ծնողքին շնորհիւ եւ պզտիկուց բնութեան մէջ ապրած ըլլալով՝ կրցաւ կանուխէն արժեւորել ազատութեան կարեւորութիւնը։ Կը սիրէր բաց վայրերը, խօսքէն գործը կը նախընտրէր եւ միշտ շարժումի մէջ էր։ Զարմանալի չէ, ուրեմն, որ ձիւնարշաւներու ախոյեան հանդիսացաւ եւ կամ ուսումի նկատմամբ ուզեց մասնագիտանալ կենդանիներու եւ ովկիանոսներու հետախուզման մէջ։

Նոյնիսկ ուսման դասարանները, մինչեւ իսկ Համալսարանի լայնամիտ միջավայրէն ներս, չկրցան զինք զսպել։ Նախընտրեց իր ուսումը ուղղակի իր նախասիրած առարկային բնական օրրանէն ներս շարունակել եւ այսպէս սկսաւ շրջիլ Հիւսիսային Բեւեռի սառակոյտերը, նոր ճամբաներ գտնել եւ քարտէսներ գծել։ Հնարելը եւ զանազան հարցականներու պատասխաններ տալը իրեն գոհացում կու տային, իսկ գիտական աշխարհը եւ հետեւաբար մարդկութիւնը օգտագործեցին իր աշխատանքը։

Այս բոլոր զբաղումներէն անդին, Նանսէն հետաքրքրուած էր նաեւ Շուէտի եւ Նորվեկիոյ միասնութեան հարցը լուծելու խնդրով։ Անոր խաղաղ աւարտէն ետք, ան Մեծն Բրիտանիոյ մօտ Նորվեկիոյ դեսպան նշանակուեցաւ, իր կեանքին նոր ուղղութիւն մը տալով։ Ազգերու Ընկերութեան (Լիկա) ջերմագին պաշտպան ըլլալով՝ սկսաւ միջազգային քաղաքական կապերով զբաղիլ եւ դիւանագիտական գործ տանիլ, մինչեւ որ Ա. Համաշխարհային Պատերազմը ծագեցաւ։

1921ին Ազգերու Ընկերութիւնը հիմնեց Գաղթականներու Բարձրագոյն Յանձնաժողովը ու անգամ մը եւս Նանսէնին դիմեց, որպէսզի անոր գլխաւորութիւնը ստանձնէ, իսկ Միջազգային Կարմիր Խաչը Նանսէնէն ուզեց, որ սովէ տառապող ռուս ժողովուրդին սատարէ ու ան դարձեալ իր նպատակին հասաւ։ Փոքր Ասիոյ աղետէն ետք Նանսէն զբաղեցաւ յոյն եւ թուրք ժողովուրդներու փոխանակումով։ Նոյն տարին, փորձառութիւններով լեցուն եւ հարցերը մօտէն ուսումնասիրած ըլլալով՝ յանգեցաւ գաղթականներու, յատկապէս փախստականներու եւ հայրենազուրկներու կեանքը դիւրացնելու ծրագրի մը, որուն առաջին քայլը եղաւ փաստաթուղթի մը հրատարակումը։

Փաստաթուղթը անձի մը ինքնութիւնը հաստատող ժամանակաւոր վկայագիր մըն էր, որ կոչուեցաւ Նանսէնեան անձնագիր։ Հայոց Ցեղասպանութենէն շուրջ 320.000 վերապրողներ, օգտագործելով այս փաստաթուղթի դրութիւնը, արտօնութիւնը ստացան իրենց գտնուած երկրին մէջ տեղափոխուելու եւ քաղաքացիութիւն չունեցողներու օրէնքները վերցուեցան անոնց նկատմամբ։ Հայասէր նորվեկիացին ստանձնեց նաեւ հայրենադարձութեան մեծածաւալ աշխատանքը եւ անոր մօտէն հետեւելու համար 1925ին Հայաստան այցելեց։

1922ին մարդասիրական դաշտէն ներս տարած իր աշխատանքին առ ի գնահատում, Նանսէն ստացաւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը։ Գաղթականներու Բարձրագոյն Յանձնաժողովի ժառանգորդը եղաւ 1931ին Նանսէն Գաղթականներու Միջազգային Գրասենեակը, որ գործեց անոր մահէն (1930) վերջ մինչեւ 1938, երբ այս անգամ Գրասենեակը Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին արժանացաւ։ Զանազան հանգրուաններէ ետք, գրասենեակը այսօր վերածուած է այժմ բոլորիս ծանօթ՝ Մ.Ա.Կ.ի Գաղթականներու Բարձրագոյն Յանձնաժողովին (UNHCR), որ իր կարգին Նոպէլեան մրցանակի արժանացած է 1954ին եւ 1981ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.