2011-06-04 11:56:35

Պենետիկտոս ԺԶ.ի Խրուաթիա Այցելութեան Յայտագիրը։


<<Միասին ի Քրիստոս>> այս է Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Խրուաթիա այցելութեան նշանաբանը։ Շաբաթ 4 յունիս 2011ի առաւօտուն նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով մեկնեցաւ Խրուաթիոյ Մայրաքաղաք Զակրէպ ուր հասաւ ժամը 11-ին։
Բարիգալուստի հակիրճ արարողութենէն ետք, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը խօսք մը արտասանեց ներկաներուն, ինքնաշարժով տեղափոխուեցաւ նախագահական պալատ ուր փրօթոքոլային այցելութիւն կատարեց Խրուաթիոյ Նախագահ` Տիար Իվօ Եոզիբովիչին . որմէ ետք՝ Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Զակրէպի Նուիրակատուն ուր ունկնդրութիւն շնորհեց Խրուաթիոյ վարչապետ Տիկին Եատրանգա Գոզորին։
Յետ միջօրէին՝ Նորին Սրբութիւնը Զակրէպի Ազգային թատերասրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ ընկերային, քաղաքական, ակադեմական, ու նաեւ մշակոյթի ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ գործատէրերու, եւ դիւանագիտական մարմնի եւ կրօնական պետերու հետ։
Հանդիպումէն ետք, Պենետիկտոս ԺԶ. ուղղուեցաւ Եոզիբ Եէլաչիչի հրապարակը ուր նախատեսուած է հսկումի աղօթքը մասնակցութեամբ խրուաթ երիտասարդութեան որոնց Սրբազան Քահանայապետը խօսք մը պիտի ուղղէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.