2011-06-04 11:56:43

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խօսքը Բարիգալուստի Արարողութեան Ընթացքին։


Իր արտսանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէս ուխտաւոր եւ յաջորդը՝ Ս. Պետրոսի։ Իմ սիրալիր ողջոյնս կ'ուղղեմ այս երկրի բոլոր բնակիչներուն եւ յատկապէս կաթողիկէ հասարակութեան։ Աւելի քան 13 դարեր շարունակ ձեր երկիրը սերտ կապ ունի Ս. Աթոռին հետ։ Այս պատմութիւնը պերճախօս վկայութիւնն է ձեր ժողովուրդին ունեցած սիրոյն հանդէպ Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ։
20 տարիներ անցան անկախութեան հռչակումին, եւ հիմա դուք կը պատրաստուիք անդամ դառնալու Եւրոպայի միութեան։
Ձեր երկրին անցեալի ու ներկայի պատմութիւնը կարող է շատ բան սորվեցնել ցամաքամասի բոլոր ժողովուրդներուն, ինչպէս՝ պահպանել եւ աշխուժացնել անգնահատելի ժառանգութիւնը եւրոպայի մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներուն։ Մաղթանքս է որ աւանդութեամբ հարուստ ձեր ազգը կարողանայ նպաստել որ Եւրոպական Միութիւնը լիովին վերարժէքաւորէ այս մշակութային ու հոգեւոր հարստութիւնը
Ձեր մէջ կը գտնուիմ (աւելցուց Նորին սրբութիւնը) միասին տօնելու Խրուաթիոյ կաթողիկէ ընտանիքի ազգային առաջին օրը, որուն բնաբանն է ''Քրիստոսի հետ միասին''։ Ասիկա բարեպատեհ առիթ թող ըլլայ, ընդգծելու՝ ընտանեկան եւ հասարակաց կեանքի արժէքները, զօրացնելու համար ընկերութեան մէջ, միութիւնը եւ յոյսը։ Կանխապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք իրենց սատարը բերին իմ այցելութեանս կազմակերպութեան ու պատրաստութեան։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. ՜՜Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան ներկայացող մարտահրաւէրներուն համար, կը խնդրեմ բարեխօսութիւնը երանելի Ստեփինասին, ձեզմէ շատ սիրուած ու յարգուած Հովիւը։
Թող Ս. Յովսէփ Աստուածահայրը` պաշտպան սուրբը Խրուաթ ազգին, եւ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը` հաւատարիմ պահակը Խրուաթիոյ, ձեր բոլորին համար ընդունի, այսօր եւ միշտ, խաղաղութիւնը եւ առողջութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.