2011-06-04 12:12:14

Արամ Ա Կաթողիկոս Կը Գնահատէ Հայ Երաժշտութեան Տարածման Նպաստող Երգիչ-երգչուհիները։


Արամ Ա. կաթողիկոս, վերջերս ընդունեց հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ հայ երաժշտական արուեստի առաւել ծաղկման ու տարածման իրենց նպաստը բերող երգիչներ ու երգչուհիներ:
Նախ Համազգային Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետին ընկերակցութեամբ վեհափառին այցելեց Յարութ Փամպուքճեան: Յարութ Փամպուքճեան հանրածանօթ երգիչ է եւ մեծապէս սիրուած մեկնաբան յեղափոխական ու ընդհանրապէս ազգային երգերու:
Վեհափառը նաեւ ընդունեց մանկական երգերու ծանօթ մեկնաբան Մակի Իսթիլեանը` ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնին: Մակի Իսթիլեան վերջերս «Հայ մանուկի տարուան» առիթով երգահանդէսներ կազմակերպած էր Լիբանանի մէջ:
Վեհափառը նաեւ ընդունեց մանկական «Ծիածան» թատերախումբը` բեմադրիչ Յարութ Հարպոյեանի գլխաւորութեամբ: Դարձեալ «Հայ մանուկի տարուան» առիթով, յիշեալ թատերախումբը, կազմակերպութեամբ կիրակնօրեայ վարժարաններուն, երաժշտաթատերական ձեռնարկներ կազմակերպած էր Լիբանանի մէջ:
Վերոյիշեալ արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները ընդունելով` վեհափառը գնահատեց անոնց կատարած աշխատանքը` յիշեցնելով, որ հայ ժողովուրդին համար հայ մշակոյթը կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ յատկապէս ինքնութեան պահպանման ծիրին մէջ: Հետեւաբար, մեր մշակութային արժէքներուն առաւել հարստացումը եւ տարածումը հայ կեանքին մէջ նուիրական պարտաւորութիւն մըն է բոլոր այն մշակներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են հայ մշակոյթին:







All the contents on this site are copyrighted ©.