2011-06-03 13:03:21

ՊԵնետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հովուական Այցելութիւնը Խրուաթիա։


Այս շաբաթավերջին, իր առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Խրուաթիայի մայրաքաղաքը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պահ մը աղօթք կը կատարէ երանելի Ստեփինասի գերեզմանին առջեւ, որուն մարմինը զետեղուած է Զակապրիայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։Երանելի Ստեփինաս ծնած էր 8 մայիս 1898ին։ Ան Զակապրիոյ մէջ եղած է կուսակրօն քահանայ եւ ապա մայրաքաղաքի առջանորդ։
Գերապայծառ Ստեփինաս իր 20 տարուայ առաջնորդութեան տարիներուն՝ (1937-1960) երկրորդ աշխարհամարտին ընթացքին, արդար պայքար մղեց հարստահարուած ու խտրականութեան զոհ մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր։
1946-ին համայնավար իշխանութիւնները զինք կը ձերբակալեն, որովհետեւ մերժած էր ճանչնալ Թիթոյի հրամանը, որ կ'ուզէր ստեղծել ազգային եկեղեցի մը, Հռոմէն անկախ։ Ան 16 տարուայ տաժանելի աշխատանքներու կը դատապարտուի։ Պիոս ԺԲ Քահանայապետը 1952-ին զինք կարտինալ կ՝անուանէ։Իսկ, 10 փետրուար 1960ին՝ կը վախճանի իր ծննդավայրը՝ հսկողութեան տակ գտնուող իր բնակարանին մէջ։ Երանելի կը հռչկաուի, Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի կողմէ 1998-ին։
Ան եղաւ համայնավար վարչաձեւին զոհ առաջին նահատակ սուրբը ։

Կարտինալ Ռացինկերի՝ Ներկայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Արտայայտութիւնը, Կարտինալ Ստեփինասի Մասին ։
Հռոմի Ս. Հերոնիմոսի անուան եկեղեցւոյ մէջ արտասանած իր քարոզին մէջ, 15 փետրուար 1998ին, Կարտինալ Ստեփինասի մահուան 100ամեակին առթիւ, կարտինալ Ռացինկեր` հաւատոյ ժողովի կառավարիչը, հաստատած էր թէ Խրուաթիոյ մեծ եկեղեցականը, իր առաքելութեան ընթացքին, քաղաքականութեամբ չէ որ զբաղած էր,ան յարգած էր պետութիւնը, երբ իրապէս պետութիւն մը կար, եւ Նացիական տիրապետութեան ընթացքին հրեաներուն պաշտպանը հանդիսացաւ։ Ան որպէս հովիւ հրաւիրած է հաւատացեալները ունենալ քաջութիւնը, ընդդիմանալու աշխարհին, երբ աշխարհը հակառակ է Աստուծոյ խօսքին։ Կարտինալ Ստեփինաս եղաւ Աստուծոյ մարդը որ պաշտպանեց Աստուծոյ հետ ապրելու մարդու իրաւունքը եւ պաշտպանեց Աստուծոյ դերն ու տեղը երկրի վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.