2011-06-03 13:30:36

Նոր Թեմի Հաստատում Պրազիլի Մէջ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, մէկ յունիսին, նոր թեմ մը ստեղծեց Պրազիլի Մաթօ Կրօսսօ դօ Սուտ նահանգին մէջ։ Նշնակելով հայր Տոթթին որպէս առաջնորդ նորաստեղծ Նավիրէ կոչուած թեմին։
Նավիրէ թեմի ստեղծումով, Պրազիլը ներկայիս կը հաշուէ 275 եկեղեցական գաւառներ, 44 արքեպիսկոպոսարաններ, 211 թեմեր, 13 առաջնորդութիւններ, 3 էբարքիներ, մէկ էկզարքութիւն, մէկ վիճակաւորութիւն արաւելածէս հաւատացեալներուն համար, զինւորական վիճակաւորութիւն մը եւ առաքելական վարչութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.