2011-06-03 13:33:04

Ճշմարտութիւնը Սիրով (In caritate veritas) հատորի ներկայացումը ։


Անատոլուի Առաքելական Տեղապահ, Թուրքիոյ Իսքենտէրուն քաղաքի Եպիսկոպոսը Գերապայծառ Լուճի Փատովեզէ-ի սպաննութեան առաջին տարելիցի առթիւ այսօր 3 Յունիս,Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքի Անթոնիանումի Հոգեւորութեան ֆրանչիսկեան Հիմնարկը կը մեծարէ սպաննուած վիճակաւորը ,հանրութեան ներկայացնելով ՝՝Ճշմարտութիւնը Սիրով՝՝ խորագիրը կրող հատորը,գրի առնուած նոյնինքն մարտիրոս Եպիսկոպոսին կողմէ։ Հատորը կը բովանդակէ Հին ժամանակներու Քրիստոնէութեան մասին Գիտաժողովներու Վաւերաթուղթեր որ Գերապայծառ Փատովեզէ ծրագրած ու պատրաստած էր 2010-ի 23 եւ 29 Յունիսին համար,որ դժխախտաբար չկրցաւ իրականացնել իր այս ծրագիրը։ Այժմ այս հատորը լոյս կը տեսնէ ֆապիօ Մարթինէլլի եւ Լուքա Պիանքի իտալացի երկու փորձագէտներու հոգածութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.