2011-06-03 13:22:05

Գրիգորեան Եւ Բազմաձայն Ծիսական Երգերը Անտեսուած Են Եկեղեցւոյ Մէջ։


Իր գրած նամակին մէջ, ուղղուած սրբազան երգերու քահանայապետական հաստատութեան, իր հիմնարկութեան 100ամեակին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր ցաւը կը յայտնէ, որ գրիգորեան եղանակը եւ բազմաձայն ծիսական երգերը երբեմն անտեսուած են եկեղեցւոյ մէջ։ Բազմաձայն երգերը յատկապէս եւ գրիգիրեան եղանակը` գերագոյն տիպարը կը հանդիսանան սրբազան երաժշտութեան եւ անոնք մաս կը կազմեն եկեղեցւոյ պատմա-ծիսական ժառանգութեան, կը կարդանք Սրբազան Քահանայապետի նամակին մէջ, մատնանշելով որ ոչ անհատը եւ ոչ ալ խումբն է որ ծէսը կը կատարէ, այլ անիկա նախ եւ առաջ Աստուծոյ ներգործութիւնն է Եկեղեցւոյ միջոցաւ։
Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը կ'ընդգծէ նշանակութիւնը աղօթքի, վայելչութեան ու գեղեցկութեան, կատարեալ յարումը ծիսական աղօթքներուն, եւ արտայայտութեան ձեւերով ներկաներուն մասնակցութեան։
Յայտնենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մեծ կարեւորութիւն կու տայ ծիսական ու սրբազան երաժշտութեան հարցերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.