2011-06-02 12:13:55

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Քաջալերական Ու Մխիթարական Խօսքը Եկեղեցւոյ Ու Լիպիոյ Ժողովուրդին։


՜՜Եկեղեցին Ձեզի Հետ Է Մասնաւորապէս Իր Աղօթքով՝՝։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետը ընդունելով՝ իր գրասենեակին մէջ գերապայծառ Մարթինելլին` առաքելական կառավարիչը Լիպիոյ կաթողիկէ համայնքին, ըսաւ. ՜՜Դուք ձեզ առանձին մի զգաք, Եկեղեցին ձեզի հետ է, մասնաւորապէս իր աղօթքներով՝՝։
Գերապայծառ Մարթինելլի, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց թէ՝ Սրբազան Քահանայապետը լաւ կը ճանչնայ Լիպիոյ քրիստոնեաներուն կրած տառապանքը։ Ան ըսաւ. Սրբազան Հայրը, մեզի տուաւ քաջութիւն եւ մենք կարիքը ունինք այդ մխիթարական խօսքերուն։ Հռոմ իր կեցութեան ընթացքին, Գերապայծառ Մարթինելլի հանդիպում ունեցաւ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Թիւրքսոնի հետ, ինչպէս նաեւ Ս. Աթոռի արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.