2011-06-02 08:06:22

Յիսուսի Համբարձումը


Համբարձում կը նշանակէ «բարձրացում»: Համբարձումը Յիսուսի յարութիւն առած
ու փառաւորուած մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հայր Աստուծոյ աջ կողմը նստելու
յիշատակումին տօնն է, որ տեղի կ՛ունենայ միշտ Հինգշաբթի օր, Յարութեան 40-րդ օրը:
Յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն երեւնալէ ետք, 40-րդ օրը իր
աշակերտներուն հետ Ձիթենեաց լեռ բարձրացաւ ուր յայտնեց իր աշակերտներուն. «երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք ու իմ վկաներս պիտի ըլլաք, Երուսաղէմի, Հրէաստանի, եւ Սամարիայի մէջ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը»: Երբ Ան արտասանեց այս խօսքերը, Յիսուս երկինք բարձրացաւ մինչեւ որ ամպերը ծածկեցին զԻնք աշակերտներուն տեսողութենէն: Այս պատուիրանին համաձայն Թադէոս ու Բարթողոմէոս Առաքեալները Հայաստան եկան հիմը դնելու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:


ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ՝ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՏՕՆ
Քրիստոսի Համբարձումը բոլոր տէրունական տօներու եւ խորհուրդներու ամբողջացումն է՝ սկսած Տիրոջ Ս. Ծնունդէն մինչեւ Ս. Յարութիւն։
Համբարձում բառը ծագած է գրաբարեան համբառնալ բառէն, որ կը նշանակէ վեր բարձրանալ, վեր ելլել։ Սուրբ Յարութեան՝` Զատիկի տօնէն 40 օր ետք Յիսուս Քրիստոս կօրհնէ բոլորը եւ երկինք կը բարձրանայ...
Համբարձումը տեղի ունեցաւ Ձիթենեաց լերան վրայ, առաքեալներու աչքին առջեւ։ Այժմ լեռը կը կոչուի Համբարձման լեռ։ Համբառնալէ առաջ Յիսուս առաքեալներուն պատուէրներ ու յորդորներ տուաւ, օրհնեց բոլորը եւ երկինք բարձրացաւ... Մինչ առաքեալները զարմացած վեր կը նայէին, քիչ ետք լուսաւոր ամպ մը կերեւի եւ Զինք կը ծածկէ առաքեալներու տեսողութենէն։ Համբարձման հրաշալի այս դէպքին մասին կը վկայեն Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները, ինչպէս նաեւ՝ Գործք առաքելոց գիրքը։
Հրեշտակները առաքեալներուն կը յայտնեն Քրիստոսի երկինք բարձրանալը եւ վերստին գալուստը։
Քրիստոս իր գալուստով մաքրեց ու օրհնեց անէծքով դատապարտուած արարածները, մկրտուելով ջուրին մէջ եւ թաղուելով գերեզմանին մէջ՝` մաքրեց հողն ու ջուրը, իսկ յարութենէն ետք՝` օդն ու կրակը։ Ան մարդկային բնութիւնը միաւորեց Աստուծոյ Խօսքին։
Օրուան շարականը կը յիշատակէ Համբարձման դէպքը եւ կակնարկէ նաեւ Ս. Հոգիի գալստեան մասին. Նստէք Երուսաղէմ քաղաքին մէջ, մինչեւ որ վերէն զօրութիւն ստանաք։
Ի դէպ, ըստ կրօնական գրականութեան, Համբարձման օրը վիճակ քաշելու սովորութիւնը առաքեալներու՝` Քրիստոսի Համբարձումէն ետք Երուսաղէմ դառնալու եւ Վերնատան մէջ վիճակ քաշելու յիշատակութիւնն է, երբ տիրադաւ Յուդա Իսկարիովտացիի փոխարէն՝ 12-րդ առաքեալ կընտրուի Մատաթիան։

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ` ԲՆՈՒԹԵԱՆ, ՍԻՐՈՅ ՏՕՆ
Համբարձման տօնը, որ քրիստոնէական եկեղեցին կը տօնախմբէ Տիրոջ յարութեան՝ Սուրբ Զատիկի տօնէն 40 օր ետք, Յիսուս Քրիստոսի՝ երկինք համբարձման յիշատակութեան օրն է։ Տօնը շարժական է եւ կապուած է Զատիկի թուականին. կը զուգադիպի 30 ապրիլէն 3 յունիս ինկած ժամանակահատուածին, հինգշաբթի օր մը։ Այս տարի Համբարձումը նշեցինք 13 մայիսին։
Քանի մը խորհուրդ ունի Համբարձումը՝ անոր էութիւնը ե՛ւ հեթանոսական է, ե՛ւ քրիստոնէական, նաեւ՝ ժողովրդական։ Թէ՛ այս եւ թէ՛ այդ իմաստներուն մէջ ալ գեղեցիկ խորհուրդներ կան. այն հայոց տօնացոյցի գեղեցիկ տօներէն է։
Հին հայաշխարհի մէջ Համբարձումը, ըստ էութեան, սիրոյ, երիտասարդութեան տօն էր։ Այդ օրը երիտասարդ աղջիկներուն կը թոյլատրուէր ազատ դուրս ելլել դաշտերը, երգել, հաստատել ծանօթութիւններ, որոնք յաճախ ճակատագրական կըլլային անոնց համար։
Իսկ Համբարձման օրը վիճակով բաժին հասած բախտը օրէնք էր ծնողներուն համար, եւ անոնք, անկախ անկէ, թէ մինչ այդ ի՛նչ փեսացու կամ հարսնցու ընտրած էին իրենց զաւակներուն համար, կու տային իրենց համաձայնութիւնն ու բարի օրհնութիւնը։
Եթէ Զատիկի տօնին կ'առանձնանային ու կը զատուէին բնութեան գոյները, կ'աւարտէին ցանքի աշխատանքները, ապա Համբարձման տօնին կ'ակնկալուէր ցանուած բերքին աճն ու փթթումը։ Այդ նպատակով ժողովուրդը դուրս կ'ելլէր դաշտերը եւ երգ-պարով, ուրախութիւններով կը սիրաշահէր մայր բնութիւնը։
Համբարձումը բնութեան, բուսականութեան աճի տօն է։ Անիկա կը համընկնի գարնանային աշխատանքներու աւարտին հետ, այսինքն՝ այն պահը, երբ երկրագործը, իրմէ կախուած ամէն ինչ ընելէ ետք, նայուածքը վեր կը բարձրացնէր եւ բնութենէն ու աստուածներէն հատուցում կակնկալէր։ Տօնին միւս կարեւոր խորհուրդը՝ այդ օրը արգիլուած էր արիւն հեղել՝` անասունի զոհ մատուցել, ինչ որ դարձեալ բնութիւնը սիրաշահելու, անասուններու բազմացման միտում ունէր։
Հին հայերը Համբարձման օրը ծաղիկներով կը զարդարէին գառնուկին, կաթնտու կովուն եւ եզին պարանոցները իսկ իբրեւ մատաղ եւ տօնական ուտեստ՝ կ'եփէին կաթնապուր եւ բանջարով ճաշ։
Համբարձումի բնորոշ խորհրդանիշներն են՝ ծաղիկներու առատութիւնը, մասնակիցներու ճակատագրին գուշակութիւնը եւ, իբրեւ մատաղ, կաթով ապուր բաժնելը։ Կաթնապուրը կը բաժնէին դրացիներուն, բարեկամներուն, անցորդներուն, շաղ կու տային արտերու եւ այգիներու մէջ, որ հունձքը բարեյաջող ըլլայ, բերքը՝ առատ։ Մարդիկ կը հաւատային, թէ ան, որ Համբարձման երկուշաբթին առաջինը կը ճաշակէր Համբարձման կաթնապուրէն, անոր ալ բաժին կ'իյնային այդ տարուան առատութիւնն ու ապահովութիւնը։ Մեծ ընտանիքներու մէջ ապրող կիներէն իւրաքանչիւրը կը ձգտէր առաջինը ճաշակելու կաթնապուրը, եւ այդ մէկը կրնար նաեւ վէճի պատճառ դառնալ։ Ծանօթ է հայ ժողովրդական խաղիկի այս տողը՝

Համբարձման երկուշաբթին,
Կռուան էրկու տեգերկին։








All the contents on this site are copyrighted ©.