2011-06-02 12:14:48

Գաղթականութիւնը Եւ Բնապահպանումը Խօսակցութեան Առանցքը Հանդիսացան Աւստրալիոյ Կառավարիչին Ու Վատիկանի Պատասխանատուներու Միջեւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, մէկ յունիսին ընդունեց Աուստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչը՝ տիկին Քենթան Պրայս, որմէ ետք ան տեսակցութիւններ ունեցաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպետթիի հետ։ Խօսակցութեան նիւթերը եղան. փախստականներու հիւրընկալութեան հարցը, միջազգային ու շրջանային իրավիճակը, բնական աղէտները ու բնապահպանութիւնը։ Նոյնպէս շօշափուեցաւ միջկրօնական երկխօսութեան ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ տեղը Աուստրալիայի ընկերութեան մէջ։ Նշենք թէ տիկին Քենթան Պրայս, որպէս Աուստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչ, սեպտեմբեր 2008էն ասդին կը ներկայացնէ Անգլիոյ Եղիսաբէթ թագուհին։ 22 միլիոն բնակչութեան վրայ Աուստրալիան կը հաշուէ 16 միլիոն քրիստոնեաներ, որոնց 5,8 միլիոնը կաթողիկէ են։ Բնակչութեան 2 տոկոսը մահմետական է։


















All the contents on this site are copyrighted ©.