2011-06-01 14:54:14

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հռոմ Կը Ժամանէ Այսօր։


Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի հրաւէրով` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր Հռոմ կը ժամանէ մասնակցելու համար Իտալիոյ Հանրապետութեան Տօնի հանդիսութեանց որ տեղի պիտի ունենայ վաղը 2 Յունիսին քաղաքի կեդրոնը շքեղ տողանցքներով ,ուստի վաղը տօնական օր է Իտալիոյ մէջ։ Այս տարի Իտալիան տօնելով Երկրի Միաւորումի 150-ամեակը, նշանակալից թուական մը ըլլալով, Հանրապետութեան Տօնին հրաւիրուած են շուրջ քառասուն Երկիրներու Ղեկավարներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.