2011-06-01 12:52:27

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանը։


Մայիսի 26-ին, Հ Հ սփիւռքի նախարարը՝ Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց hայ կաթողիկէ Բերիոյ թեմի առաջնորդ՝ արհիապատիւ Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրիաթեանը:
Հանդիպումին՝ նախարար Յակոբեան ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնն ու յառաջիկայ ծրագիրները` անդրադառնալով հայապահպանման, հայրենադարձութեան և սփիւռքի մասնագիտական ներուժի համախմբման նպատակով իրականացուող ծրագիրներուն և միջոցառումներուն:
Անոնք քննարկեցին Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, Սուրիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի հիմնախնդիրներուն, Սուրիոյ մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան խորհրդատուական յանձնախումբի գործունէութեան առնչուող հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.