2011-06-01 12:52:02

Հայր Գաբրիէլ Վրդ Մուրատեան Պատրիարքական Փոխանորդի Առժամեայ Տեղապահ՝ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան։


Մայիս 30-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը, անուանեց հայր Գաբրիէլ վրդ Մուրատեանը պատրիարքական փոխանորդի առժամեայ տեղապահ՝ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան. ըստ Միաբանութեան կանոնագրին թիւ 123 յօդուածին:
Հայր Գաբրիէլ կը վարէ այս պաշտօնը, մինչեւ որ տեղի ունենայ ընտրութիւնը, Միաբանութեան նոր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի:
Նշենք, որ անցեալ 21 մայիսին նախկին պատրիարքական փոխանորդ՝ հայր Միքայէլ ԹԾՎ Մուրատեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին յատուկ կոնդակով անուանուեցաւ առաջնորդ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Ս. Գրիգոր Նարեկացի հայ կաթողիկէ թեմին:








All the contents on this site are copyrighted ©.