2011-06-01 12:48:49

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
Գաբրիէլ Արք. Այվազովսկի
(Այվազեան , 1812-1880).


Հմուտ հայագէտ, թարգմանիչ, նուիրեալ մանկավարժ եւ հոգեւորական անխոնջ գործիչ էր հանճարեղ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի աւագ եղբայր Գաբրիէլը, որ ազգային ծառայութեամբ իմաստաւորեց իրեն վիճակուած 68 տարիներու կեանքը՝ հայ լեզուի եւ մշակոյթի անկորնչելի արժէքներուն պաշտամունքը ամէնուր տարածելով։

Հաւատքի մարդ էր Գաբրիէլ Արքեպիսկոպոս, քրիստոնէական աստուածապաշտութեան աներեր նուիրեալ մը, որ թունդ պահպանողականի մտածողութեամբ փարեցաւ հայ հոգեւորականի իր կոչումին։ Իր համոզումներուն համար բուռն պայքար մղեց ժամանակի ազատախոհ ու յեղափոխաշունչ հայ մտաւորականութեան դէմ եւ թիրախ դարձաւ նոյնքան բուռն քննադատութեանց՝ 19րդ դարակէսի Զարթօնքի Սերունդին կողմէ, յատկապէս Միքայէլ Նալբանդեանի եւ Ստեփան Ոսկանի տարողութեամբ ազատախոհ գրողներու կողմէ։

Պահպանողական իր աշխարհայեացքի հիմքին միշտ արմատաւոր եւ հաստաբուն պահեց հաւատքն ու պաշտամունքը մայրենիին, հայոց լեզուի եւ ազգային մշակոյթի անփոխարինելիութեան։ Եւ բոլորին ու շարունակ քարոզեց՝ «Քանի որ ազգ մը իր լեզուն կը պահէ, թէպէտ եւ ուրիշ ամէն ազգային յատկութիւններն ալ կորսնցնէ, ազգութիւնը չի կորսնցներ, իսկ լեզուն մէկդի ձգելուն պէս՝ ազգութիւնն ալ խիստ շուտ կը կորսուի»:

Ծնած էր 1812ի Մայիս 10ին, Թէոդոսիա (Խրիմ)։ Նախնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրի գաւառական դպրոցին մէջ, որմէ ընթացաւարտ՝ 1826ին ուղարկուեցաւ Ս. Ղազար (Վենետիկ), Մխիթարեաններու մօտ ուսումը շարունակելու համար։ Ուսման աւարտին, 1830ին, հոգեւորական կոչումի տէր Գաբրիէլը միացաւ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ 1834ին ձեռնադրուեցաւ վարդապետ։

Ս. Ղազարի մէջ ստանձնեց փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դասախօսի պաշտօն՝ միաժամանակ վարելով Միաբանութեան ընդհանուր քարտուղարի գործերը։ Թէեւ ազգային իր համոզումներուն բերմամբ այնքան ալ հաշտ չէր Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ, այսուհանդերձ՝ Գաբրիէլ վարդապետ շուտով դարձաւ Միաբանութեան սիւներէն մէկը։
1842¬48ին դասախօս հրաւիրուեցաւ Վենետիկի Ռաֆայէլյան վարժարանը։ 1843ին հիմնադրեց եւ խմբագրեց (մինչեւ 1848) Միաբանութեան «Բազմավէպ» հանդէսը:

1848¬56ին եղաւ Փարիզի Մուրատեան վարժարանի տնօրէնը, ինչպէս եւ հայոց պատմութեան ու հայերէն լեզուի ուսուցիչը։ Բայց նոյն այդ շրջանին դաւանաբանական հարցերով բախում ունեցաւ Մխիթարեաններու հետ եւ 1856ին, գժտուելով, վերադարձ կատարեց Հայ Առաքելական Եկեղեցիին՝ մնալով հանդերձ Փարիզի մէջ։ Իր գաղափարակիցներ Ս. Թէոդորեանի եւ Ա. Գալֆայեանի հետ, Փարիզի մէջ, հիմնեց ու ղեկավարեց Հայկազեան վարժարանը։ 1855¬58ին խմբագրեց եւ հրատարակեց «Մասեաց Աղաւնի» ամսագիրը։

1858ին վերադարձաւ իր ծննդավայրը եւ շուտով նշանակուեցաւ Նոր Նախիջեւանի ու Բեսարաբիայի հայոց թեմակալ առաջնորդ։ Այդ շրջանին Թէոդոսիայի մէջ հիմնեց Խալիպեան վարժարանը (որուն տեսուչն էր 1858էն 1865), շարունակեց խմբագրել ու հրատարակել (մինչեւ 1865) «Մասեաց Աղաւնին»։

1867ին Ս. Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուեցաւ եպիսկոպոս, իսկ 1871ին արժանացաւ արքեպիսկոպոսի աստիճանին։ 1875ին, Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի հրաւէրով նշանակուեցաւ Գէորգեան Ճեմարանի տեսուչ, իսկ երկու տարի ետք կարգուեցաւ Թիֆլիսի հայոց թեմակալ առաջնորդ։ Այդ պաշտօնին վրայ ալ, 1880ի Ապրիլ 8ին, Գաբրիէլ Արք. Այվազովսկի վախճանեցաւ Թիֆլիս։







All the contents on this site are copyrighted ©.