2011-06-01 12:51:54

Ալիս Ներկիզեան Մանկամսուրի Առաջին Շրջանաւարտից Հանդէսը Տուաւ Իր 38 Շրջանաւարտները։


Հինշաբթի, 26 Մայիսին ( 2011) Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրի առաջին տարեշրջանի եզրափակիչ հանդիսութիւնը։ Այս առթիւ մանկամսուրի տնօրէնուհի՝ Տիկ Սալբի Մուղալեան, փոխանցեց իր խօսքը նշելով , որ օրը յատուկ է եւ յուզական բոլորին, յատկապէս մանուկներուն ծնողներուն համար։ Ան վկայեց, որ չնայած վկայական ստացող մանուկներէն գրեթէ ոչ ոք պիտի յիշէ ապագային այս օրը, սակայն անոնց ծնողները պիտի ըլլան կամուրջը իրենց յիշողութեան, որպէսզի ապագային գիտնան, որ իրենք այս մանկամսուրին մէջ անցուցած են իրենց կեանքին գեղեցիկ եւ երջանիկ տարիները։ Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, որ իրենց հոգեհատորներուն խնամքը վստահած են սոյն վարժարանին։
Այնուհետեւ մանկամսուրի երեք խումբերու մանուկները ներկայացուցին հետաքրքրական գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կը ներառնէր պար, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով երգեր եւ արտասանութիւններ, խօսք առաւ նաեւ վարժարանի տնօրէն՝ Պր Կրէկուար Գալուստ որ շնորհաւորեց բոլոր ծնողները իրենց զաւակներուն այս ուրախ առիթին համար։ Ի դէպ հանդէսին ներկայ էր նաեւ ամերիկահայ մանկական երգերու անզուգական կատարող՝ երգչուհի Թալինը, մանկամսուրի տնօրէնուհիին հետ միասնաբար բոլոր մանուկներուն մէկիկ-մէկիկ յանձնեց իրենց վկայականները։ Հանդէսը աւարտ գտաւ Շնորհաւորութիւններ երգի հետ զուգահեռ ճոխ հրավառութեամբ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.