«Հայաստան » Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդը Գումարեց Իր 20-րդ Նիստը.
31 Մայիսին,Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան»
համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի
նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Նախագահին առաջարկով եւ խորհուրդի
անդամներուն քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին
մէջ ընդգրկուած է նոր անդամ մը` «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ Գաբրիէլ
Չեմպերճեան, իսկ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան ի պաշտօնէ հաստատուած
է իբրեւ խորհուրդի անդամ: Խորհուրդի կազմի համալրման հետ կապուած, հիմնադրամի գործադիր
վարչութեան յանձնարարուած է համապատասխան փոփոխութիւններ կատարել կանոնադրութեան մէջ`
հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն թիւը սահմանելով 36 հոգի: Այնուհետեւ նիստին
մասնակիցները դիտած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցներով 2010-ին կատարուած
աշխատանքներուն վերաբերեալ ժապաւէն մը, լսած են հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի
զեկուցումը` հաշուետու տարուան մէջ հիմնադրամի գործադիր վարչութեան կատարած աշխատանքներուն
մասին: