2011-05-31 12:32:02

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խնդակցութիւնը եկեղեցւոյ բերած սատարին ընկերային մարզէն ներս` Աճեցնել Հնդկաստանի քրիստոնեայ ընտանիքներու հաւատքը։


Ընդունելով Հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի երկրորդ խումբը, շուրջ 20 եպիսկոպոսներ, հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր խնդակցութիւնը յայտնեց Հնդկաստանի Եկեղեցւոյ բերած եղբայրօգնութեան հսկայ սատարին ընկերութեան ի նպաստ, իր քահանաներու ու կրօնաւորներու միջոցաւ։ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց Քերալա եւ Անտրա Բրատեշ մարզերէն եկած եպիսկոպոսները որ յարատեւեն այս շօշափելի ու գործնական վկայութիւնը տալ։ Խօսելով ամուսնութեան եւ ընտանիքի նիւթին մասին Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց հարկաւորութիւնը լուրջ կրօնուսուցումի, որպէսզի հաւատացեալները հաւատքի մէջ հաստատ մնան ու ապրին Եկեղեցւոյ ցուցմունքներու համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.