Երկուշաբթի 30 մայիս 20115 Առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր
գրասենեակի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ խորհրդարանի Նախագահ Տիար Նորպերթ Լամմերթ ու անոր
ընկերացող շքախումբը։ Ժամը 11.30 Գոնչիսթորօ Սրահին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հնդկաստանի
եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի խումբ մը եպիսկոպոսներ, եկած իրենց կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը
կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ապա ժամը 12 -ին Գլէմէնթինա Սրահին մէջ ընդունեց Նոր
Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Համաժողովի մասնակցողները։