2011-05-30 13:09:29

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ժողովին


Երեքշաբթի 31 Մայիսին եւ Չորեքշաբթի 1 Յունիս 2011-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 2011 տարուան հանդիպումը: Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձուներու Խորհուրդին անդամ է նաեւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս կաթողիկոս պատրիարք կաթողիկէ Հայոց։ Յանուն կաթողիկոս պատրիարքին սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ գերյարգելի Յովսէփ ծայրագոյն Քէլէքեան։ Ինչպէս նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Յանուն Վեհափառ Հայրապետին սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Գերշ. Տ Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմին:
Հանդիպման ընթացքին պիտի քննուին անցնող տարեշրջանի Հայաստանի թէ Ղարաբաղի առնչուած ծրագիրներու իրագործումը ու միաժամանակ պիտի ճշդուին յառաջիկայ տարուայ ծրագիրները








All the contents on this site are copyrighted ©.