2011-05-30 13:09:20

Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Ստեղծումը Պէյրութի Մէջ։


Հինգշաբթի, 26 մայիս 2011, կաթողիկէ մամլոյ կեդրոնին մէջ, Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու համախմբումի անդամները պաշտօնապէս յայտարարեցին համախմբումին ստեղծումը, անոր նպատակները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին անոր աշխատանքային հիմնական թղթածրարը եւ Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարին արծարծուող նիւթերը։
Կաթողիկէ մամլոյ կեդրոնի տնօրէն հայր Ապտօ Ապու Քասմ յայտանաբերեց Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու համախմբումին հիմնական նպատակները, ամրապնդելու համար քրիստոնեայ ներկայութիւնը Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածքին մէջ, մեկնելով քրիստոնէական բարոյական սկզբունքներէ։ Ան կարեւոր նկատեց այս համախմբումին գոյութիւնը տագնապալի այս օրերուն, ուր անհրաժեշտ է վերահաստատել մարդկային ու ընկերային արժէքները միջին արեւելեան երկիրներուն մէջ, համերաշխութեան եւ համագործակցութեան ոգիով։
Ապա եպիսկոպոս Պուլոս Սաֆար անդրադարձաւ համախմբումի աշխատանքային հիմնական թղթածրարին։ Ան յայտնեց, որ համախմբումի գործադիր մարմինը կը կազմուի քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներէն։ Նպատակն է ամրապնդել քրիստոնեաներու դրական համագործակցութիւնը իրենց շրջապատին հետ, մշակութային, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական մակարդակներուն վրայ։
Յիշենք, որ Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու համախմբումի գործադիր մարմինը, որուն մաս կը կազմէ հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ պարոն Անթուան Գալայճեան, նախապէս այցելած էր Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը, ծանօթացնելու համար համախմբումի գաղափարին ու նպատակին մասին







All the contents on this site are copyrighted ©.