2011-05-30 16:34:48

Առաւել Ճարտարարուեստականացած 8 Պետութիւններու Եւ Այլ 20 Մեծ Պետութիւններու Եկեղեցիներու Պատասխանատուներու Կոչը Շուտափոյթ Վերանորոգումի։


23 էն 24 մայիս, առաւել Ճարտարարուեստականացած՝ Ութը պետութիւններու եւ այլ 20 մեծ պետութիւններու եկեղեցիներու պարտասխանատուները, ֆրանսայի Պորտօ քաղաքին մէջ, վեհաժողով մը գումարած են, եւ կոչ ուղղած՝ իրենց երկրիներու պատասախանատուներուն որ շուտափոյթ վերանորոգումներ կատարեն բնապահպանութեան, համաշխարհային կառավարման, զարգացումի եւ խաղաղութեան ի խնդիր ։ Անոնք իրենց կոչին մէջ կը յիշեցնեն թէ մեծ պետութիւնները 80 տոկոսով պատասխանատու են օդի ապականումին, կը խնդրեն կրօնական ազատութեան երաշխաւորում Միջին Արեւելքի ու Ափրիկէի երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ երաշխաւորուի քաղաքական ինքնորոշումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.