2011-05-29 14:53:46

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։


Կիրակի 29 մայիս. Ե Կիրակի Յարութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Ողջ Լեր Թագուհի մարնմեան աղօթքը արտասանեց հազարաւոր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Գործ Առաքեալներու գիրքի այսօրուայ ընթերցումը կ'անդրադառնայ Երուսաղէմի քրիստոնեաներու կրած մեծ հալածանքին մասին, մատնանշելով թէ շարտերը հեռացան Երուսաղեմէն դէպի շրջակայ վայրերը եւ Փիլիփփոս , սարկաւագներէն մէկը, Սամարիա քաղաքը գնաց։ Հոն յարուցեալ Քրիստոսի մասի քարոզեց եւ բազմաթիւ բուժումներ կատարեց եւ մեծ ուրախութիւն պատճառեց բնակչութեան։ Ամէն անգամ որ Աստուծոյ խօսքը բնակի մարդոց սիրտը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը կը հաստատուի մարդոց մէջ։
Փիլիփփոս եւ Յիսուսի այլ աշակերտները Պաղեստինի գիւղերու մէջ Աւետարանը քարոզեցին եւ սքանչելիքներ կատարեցին Ս. Հոգւոյ զօրութեամբ։ Ինչպէս Յիսուս կ'աւետէր գալուստը Աստուծոյ Արքայութեան, նոյնպէս աշակերտները կը քարոզէին յարուցեալ Քրիստոսը եւ կը հռչակէին թէ Յիսուս Աստուծոյ Միածին Որդին է եւ իր անունով կը բուժէին մարդոց մարմինն ու հոգին։
Դարերու ընթացքին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, նոյնպէս սուրբերն ու սրբուհիները, Աւետարանի զօրութեամբ յոյս եւ եւ խաղաղութիւն բերին բարի կամք ունեցող մարդոց։ Մտաբերենք սուրբ Գարլոս Բորրոմէօն, Կալկաթայի երանուհի Թերեզան եւ այլ սուրբ առաքեալներ, որոնց խօսքին ու վկայութեան շնորհիւ Տէրը կը ճանչցուի, անոնք իրենց կեանքը զոհեցին Եկեղեցւոյ փառքին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափամկեց յիշեցնելով երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը որ իր բոլոր կեանքը տուաւ Աստուծոյ սիրոյն համար եւ ամենուրէք քարոզեց Աւետարանը։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,, շաբաթ օրը 28 մայիս, Իտալիոյ Սաննիդա շրջանին մէջ երանուհի հռչակուեցաւ քոյր Մարիա Սերաֆինա հիմնադիրը հրեշտակաց միաբանութեան։ Մինչ կը ոգեկոչենք անոր երկնային 100ամեակը կը քաջալերեմ ձեզ որ Յիսուսի աշակերտներու ու սուրբերու նման , չվախնաք խօսիլ Յիսուսի մասին ու ճանչցնել անոր Աւետարանի գեղեցկութիւնը, ձեր շրջապաէն ներս։
Իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.