2011-05-28 12:22:20

Սենեկալի Կաթողիկէ Եկեղեցին Կը Հիմնէ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Անուան ''Խաղաղութիւն Եւ Արդարութիւնը'' Մրցանակը։


Կիրակի 22 մայիսին, Բենտա Մպոուն՝ իսլամ տիկին մը որ պատմագէտ է եւ դասախօս Տաքարի համալսարանի մէջ, ու եղբայր Նտիային` պատասխանատու քրիստոնեայ բանուորական շարժումին, պարգեւատրուեցան երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի խաղաղութիւն եւ արդարութիւն մրցանակով։ Ասիկա առաջին անգամն է որ Սենեկալի եկեղեցին կը շնորհէ վերոյիշեալ մրցանակը, կազմուած պաշտօնական վկայականով ու երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի պրոնզեայ արձանով։
Նշենք որ Տաքարի եկեղեցւոյ կողմէ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ ''խաղաղութիւն եւ արդարութիւնը' մրցանակի հիմնարկութեան կէտնպատակն է, քաջալերել Սենեկալի բնակչութիւնը իրենց հաւատքով զօրացած պայքար մղելու անարդարութեան դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.