2011-05-28 12:32:59

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 550 Ամեակը Կը Նշուի 28 եւ 29 Մայիսին։


Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հաստատման 550ամեակը կը նշուի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը Մայիս 28-29ին, գոհաբանական պատարագի մատուցումով ու կարգ մը հանդիսութիւններով:
Պատրիարքարանէն ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, բազմաթիւ հիւր հոգեւորականներ այս առիթով կը ժամանեն Պոլիս։ Այսպէս՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռն ու միաբանութիւնը ներկայացնելու կու գան հրատարակչատան բաժինի հոգեւոր տեսուչ Նաթան եպս. Յովհաննիսեան եւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան։
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւս կը տեղեկացնէ, թէ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան 550ամեակի տօնակատարութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Կորիւն արք. Պապեան եւ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան: Այս առիթով, պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի Արամ Ա. կաթողիկոսի Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը:
Երուսաղէմի պատրիարքութեան անունով, Թորգոմ Պատրիարքի տնօրինութեամբ պիտի մասնակցի միաբանական ընդհանուր ժողովի ատենապետ Սեւան արք. Ղարիպեան։
Հուսկ՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն եւ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեան եւս կը մասնակցի հանդիսութեան։
Այս առթիւ Պոլիս կը ժամանեն Պատրիարքական Աթոռի բարերարներէն, նախկին պոլսահայ, այժմ լիոնաբնակ յայտնի աստղագէտ փրոֆ. Յակոբ Թերզան, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժինի վարիչ փրոֆ. Զաւէն Եկաւեան եւ ուրիշներ։
Կիրակի օրուան պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի յատկանշական պարգեւատրութիւն մը։ Պատրիարքարանին կողմէ հիմնուած «Կոլոտ» ոսկեայ շքանշանով պիտի պարգեւատրուի նախ դոկտ. Զաւէն Եկաւեանը, որ յաճախ մեծ հիացում ու շահագրգռութիւն ցուցաբերած է պոլսահայ գաղութին նկատմամբ ու միշտ իր բոլոր կարելիութիւնները օգտագործած է համայնքին բարիքներուն ի նպաստ։
Նոյն շքանշանով պիտի պարգեւատրուի նաեւ Պոլսոյ՝ Շիշլի-Գուրթուլուշ-Բանկալթը հայաբնակ Թաղամասերու քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ-ը, որ միշտ մօտիկ շահագրգռութիւն ցոյց տուած է Պոլսոյ հայ համայնքին նկատմամբ ու դարձած է համայնքին կողմէ սիրուած քաղաքական ու վարչական գործիչ մը։
Նախքան Կիրակի օրուան պատարագը, Շաբաթ օր Հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ Պատրիարքներուն ի յիշատակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.