2011-05-28 12:21:41

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Շաբաթ 28 մայիս 2011 առաւօտուն Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրին յուսկ Հնդկաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի վեց եպիսկոպոսներ եկած իրենց կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։Ժամը 12ին Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Լիպիոյ Թրիբոլիի Առաքելական Տեղապահ Գերապայծառ Ճովաննի Իննոչէնցօ Մարթինէլլին որմէ ետք Քահանայապետներու սրահին մէջ ընդունեց Րէկէնզպուրկի Մարեմեան Հաստատութեան անդամները։
Յետ միջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Կարտինալ Մարք Ուէլլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ։







All the contents on this site are copyrighted ©.