2011-05-27 12:32:04

Վատիկան - Կարտինալ Մարատիակա Վերընտրուեցաւ, Միջազգային Գարիթասի Նախագահ եւ ֆրանսացի Միշէլ Ռուա-ն Որպէս Ընդհանուր Քարտուղար։


Միջազգային Գարիթասը իր ղեկավարութեան անդամներու վերանորոգումը աւարտեց ընտրելով ֆրանսացի Միշէլ Ռուա որպէս ընդհանուր նոր քարուղար։ Այս անուանումը եկաւ Կարտինալ Մարատիական Միջազգային Գարիթասի նախագահ վերահաստատելէ ետք ։
56 տարեկան Միշէլ Ռուա եղած է տնօրէն կաթողիկէ օգնութեան ֆրանսական բարեսիրական մարմնին։ Միջազգային Գարիթասի 19-րդ ընդհանուր համաժողովի աշխատանքներէն ի յայտ եկաւ թէ այս մարմնի դերակատարները կանչուած են եղբայրսիրութիւնը կատարելէ առաջ` հաւատքը հաղորդել։ Միջազգային Գարիթասի անդամներու մատուցած պատարագին ընթացքին Վատիկանի Պետական Քարտուղարը իր արտասանած քարոզին մէջ ընդգծեց Գարիթասի եկեղեցական նկարագիրը ։



Կարտինալ Մարատիակա Վերընտրուեցաւ, Միջազգային Գարիթասի Նախագահ։
''Իմ ամենամեծ մտահոգութիւնը պիտի ըլլայ ծառայել յետին աղքատներուն''։ Ասիկա եղաւ հոնտուրասցի 65-ամեայ Կարտինալ Մարատիակայի խօսքը, զոր ուղղեց 165 պատուիրակներուն։ Միջազգային Գարիթասը, որ այս տարի կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 60-ամեակը. իր ընդհանուր համաժողովը կը կատարէ 22-27 մայիս, Հռոմի մէջ , ունենալով որպէս բնաբան. ''մէկ մարդկային ազգ զէրօ աղքատութիւն''։ Միզգային Գարիթասը այս տարի ունեցաւ հինգ նոր անդամներ` Գարիթաս Վիէթնամ, Շուէտ, Մոնաքօ, Սաոմա եւ Մոնկոլիա։









All the contents on this site are copyrighted ©.