2011-05-27 12:31:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Նուիրումի Աղօթքը Առ Տիրամայր, Մարեմեան ս. Վարդարանի Աղօթքին Աւարտին Հռոմի Մարեմեան Աւագ Տաճարին մէջ։


Ով Կոյս Մարիամ,
Մայր միութեան,
այս երեկոյ կը մտադրենք ցոլացուիլ քեզմով
ու քու հովուանիիդ ներքեւ պատսպարել
սիրեցեալ իտալացի ժողովուրդը։

Եղիցի-ի Կոյսը,
քու կեանքդ կը մեծարէ Աստուծոյ գլխաւորութիւնը
աճեցուր մեր մէջ հաւատքի սքանչելիքը
սորվեցուր մեզի աղօթքի մէջ պահպանել
այն գործը որ կը վերահաստատէ միութիւնը կեանքի։

Կոյս ծառայութեան,
ըրէ' որ ըմբռնենք թէ ի՜նչպիսի ազատութեան
կը մտի շնորհուած գոյութիւն մը,
Ի՜նչպիսի գեղեցկութեան գաղտնիք մը
ներփակուած է հանդիպումի ճշմարտութեան մէջ։

Խաչի կոյս,
Շնորհէ' մեզի խորհրդածելու
Քրիստոսի յաղթանակը չարիքին խորհուրդին վրայ
կարող ըլլանք արտայայտելու յոյսի դրդապատճառները
եւ սիրոյ ներկայութիւնը ժամանակի հակասութիւններու մէջ։

Վերնատան Կոյս,
աղերսէ' մեր եկեղեցիներու միսանական համագործակցութեան
Հռոմի Եպիսկոպոսի հաղորդութեան մէջ,
դարձո'ւր ամէնքս մասնակից այս երկրի ճակատագրին
կարօտալ ներդաշնակութեան ու բարգաւաճումի։

Մեծասցուցէ-ի Կոյս,
փրկէ' մեզ համակերպութենէն
տո'ւր մեզի հաշտուած սիրտ մը
արթնցո'ւր մեր մէջ գովասանութիւնը ու երախտագիտութիւնը
եւ պիտի դառնանք յարատեւող հաւատարմութեան մէջ մինչեւ ցմահ։ Ամէն







All the contents on this site are copyrighted ©.