2011-05-27 12:33:16

Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքի Պատգամը Ժամայքայի Ժողովականներուն։ ՜՜Պատերազմը Եւ Բռնութիւնը Անխուսափելի Չեն՝՝.


Այսպէս կը գրէ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք՜ Բարդողոմիոս Ա.ը, Ժամայքայի ժողովականներուն ուղղած իր պատգամին մէջ։
Մենք որպէս աշակերտները Խաղաղութեան Տիրոջ, պարտական ենք յարաճուն կերպով գործել խաղաղութեան հաստատումին համար, ու միշտ մերժել բռնութիւնը եւ պատերազմը։ Թէեւ մարդկային ընդհարումները անխուսաբելի են, սակայն ասիկա պատճառ մը չէ դիմելու՝ պատերազմի ու բռնութեան։
Նշենք որ մայիս 18-25, Ժամայքայի մէջ տեղի կ'ունենայ եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի հաւաքը, ուր աւելի քան հազար կղերականներ եւ աշխարհականներ կը բանակցին արդար խաղաղութեան նիւթին մասին։ Ժողովականները յաջորդաբար ուսումնասիրել հետեւեալ չորս նիւթերը` ''Խաղաղութիւնը երկրին հետ'', ''խաղաղութիւն տնտեսութեան հետ'', ''խաղաղութիւն մարդոց միջեւ'' եւ ''Խաղաղութիւն հասարակութեան մէջ''։
Համագումարին աւարտին, եկեղեցական ժողովականները համամիութենական կոչ մը պիտի ուղղեն ''արդար խաղաղութիւն'' նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.