2011-05-27 12:32:14

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ
Հայ Մեծանուն Ղեկավար Օհան Դուրեան


Հայազգի երաժշտագէտ եւ խմբավար Օհան Դուրեան ծնած էր 19 Մայիս 1922-ին Երուսաղէմի մէջ։
Երաժշտութիւնը ուսանած է իր ծննդավայրին մէջ, ապա համերգային շրջագայութիւններ կատարած՝ Եւրոպա, ուր իր սքանչելի յիշողութեամբ ու նաեւ խոր եւ զգայուն երաժշտականութեամբ զարմացուցած է երաժշտասէր հասարակութիւնը։
Օհան Դուրեան մինչեւ 1950-ական թուականները ղեկավարած է Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, յետագային մեկնած է Եւրոպա։
1962-էն մինչեւ 1969, Դուրեան իբրեւ հիւր ղեկավար, հանդէս եկած է Լայբցիքի Գեւանդհաուսի նուագախումբին հետ, այդ համագործակցութեան արդիւնք կայացած 19 համերգները, որոնց համար չէին գործածուէր ոչ ձայնաշար եւ ոչ ալ մական, կը դառնան Լայբցիքեան երաժշտական կեանքի բարձրակէտը՝ հանդիսատեսի մէջ կենդանի թողելով խօսուն ձեռքերու երաժշտութեան լեզուն։ Հայազգի Օհան Դուրեան երկու անգամ նշանակուած է Գեւանդհաուսի երգչախումբին խմբավարը։ Մամուլի մէջ զինք սկսած են համեմատել Նիքիշի, Պեռնշթայնի, Գարայեանի ու Թոսգանինիի հետ։ 1966-էն 1968, Լայբցիքի օփերայի թատրոնին մէջ Հայազգի Օհան Դուրեանի ղեկավարութեամբ երաժշտասէրներուն նաեւ ներկայացուած է ՜՜Տոն Գարլոս՝՝ օփերան։ Դուրեան աշխատած է աշխարհի 110 նուագախումբերու հետ։
1998-էն 2001 ան եղած է Հայաստանի օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի սինֆոնիք նուագախումբի խմբավարը։ Մահացած է 6 Յունուար 2011-ին՝ Երեւանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.