2011-05-26 12:17:42

Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան 200-ամեակի Առթիւ Լոյս Տեսած Դրոշմաթուղթի Ներկայացումը։


Մայիսին, Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մէջ ներկայացուեցաւ հաստատութեան 200ամեակի Յոբելեանին առթիւ լոյս տեսած դրոշմաթուղթը, որ շրջանառութեան դրած է Աւստրիական փոսթը։ Դրոշմաթուղթին արժէքը 90 սենթ է, եւ հոն կը ներկայացուի Գրադարանի կեդրոնը զետեղուած փայտաշէն սքանչելի պահարանի մը նկարը։

Ձեռնարկին ներկայ եղան ՀՀ դեսպան Աշոտ Յովակիմեանը, Հայաստանի մօտ Աւստրիոյ դեսպան Միքայէլ Փոսթլ, Ծ.վրդ Նաճարեան, Վատիկանի ներկայացուցիչը, Մխիթարեան Միաբանութեան վարդապետներ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ՝՝Ս. Գաբրիէլ ֆիլաթելիսթ՝՝ կոչուած միութեան անդամները։ Այս առթիւ Աբբահայր Պօղոս Գոճանեան հանգամանալից ձեւով ներկայացուց Մխիթարեան Միաբանութեան Վիեննա հաստատման եւ անոր 200ամեայ պատմութիւնը։

Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Դրոշմաթուղթին տպաքանակը մէկ միլիոն է։ Յոբելենական թուականը հանգամանալից կերպով պիտի նշուի Սեպտեմբեր 10-11ին։ Նշենք, որ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մօտ կը գտնուի Սփիւռքի հայկական թերթերու ամէնէն մեծ ու լրիւ հաւաքածոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.