2011-05-26 12:12:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Աւագ Տիրամօր Անուան Պազիլիքայի Մէջ Կը Գլխաւորէ Ս. Վարդարանի Աղօթքը։


Հինգշաբթի 26 մայիսի յետ միջօրէին, ( ժամը 17.30-ին) մասնակցութեամբ Իտալիոյ եպիսկոպոսած համահաւաք դասին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քհանայապետը Հռոմի Աւագ Տիրամօր Անուան Պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ Ս. Վարդարանի աղօթքը։ Այս միասնական աղօթքը կ՛ուզէ դարձեալ հաստատել եկեղեցւոյ սերտ կապը Իտալիոյ հետ ու Իտալիոյ միութեան 150-րդ ամեակի առթիւ` յանձնելով զայն Տիրամօր պաշտպանութեան։
Նշենք թէ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասը իր տարեկան Հաւաքը գումարած էՎատիկանի մէջ 23- 27 Մայիս։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երրորդ անգամ ըլլալով կ՛ այցելէ Հռոմի Աւագ Տիրամօր տաճարը։ 7 մայիս 2005-ին՝ Սրբազան Քահանայապետը պահ մը այցելած էր սոյն տաճարը, իր յարգանքը մատուցելու ''Հռոմի ժողովուրդին փրկութիւնը'' կոչուած Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ։ Այդ առթիւ Նորին Սրբութիւնը Ս. Կոյս Մարիամէն խնդրեց որ դէպի նաւահանգիստ առաջնորդէ Եկեղեցւոյ նաւը եւ զայն վտանգներէն զերծ պահէ ու օգնէ իր անփորձութեան մէջ ։
Պենետիկտոս Քահանայապետի երկրորդ այցելութիւնը Աւագ Տիրամօր տաճարը տեղի ունեցաւ 3 մայիս 2008ին, մարեմեան ամսոյն, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Ս. վարդարանը աղօթեց եւ հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան, քրիստոնեաներու միութեան, ու աշխարհի մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան համար։
Իսկ 26 մայիսին այս այցելութիւնը կը հանդիսանայ երրորդը։
Աւագ Տիրամօր տաճարը Santa Maria Maggiore-էն, կը բարձրանայ Էսքուիլինօ կոչուած բլուրին վրայ, եւ Հռոմի աւագ չորս տաճարներէն մէկն է։ Միակ տաճարն է որ պահած է հին քրիստոնէական կառոյցները։
Ըստ աւանդութեան Ս. Կոյս Մարիամը Լիբերիոս Քահանայապետէն, (352-366) երազին մէջ կը խնդրէ եկեղեցի մը կառուցանել իրեն ի պատիւ։ Շինարարութեան վայրը հրաշքով մը ցոյց տրուած էր 5 օգոստոս 358 թուականին` երբ ամառուայ տաքուն, առաւօտուն, կը ձիւնէ՝ Էսքուիլինօ բլուրին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.